2013-10-21 13:51:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 21 հոկտեմբերի գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի, 21 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան` Տիար Գեննէդ Հագէդ, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։ Յատնենք որ Գեննէդ 1994էն մինչեւ 2012 եղած է քահանայապետաան բարեսիրական ''Գոր Ունում'' հաստատութեան անդամ։

Ժամը 11-ին Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Լուտերական Համաշխարհային դաշնակցութեան պատուիրակութեան եւ Լուտերական - Կաթողիկէ միութենական յանձնախումբի անդամներուն։ Ան ապա յաջորդաբար ընդունեց` Գերմանիոյ Գէօլնի Արքեպիսկոպոսը, Կարտինալ Ժոագիմ Մէյզնէր, Լիմպուրկ թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ֆրանս Փիդէր Դէպարդզ վան Էլսդ եւ Չիլէի Սան Պերնարտօ Թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Խուան Ինիացիօ Կոնզալէս Էրրազուրիս։

Լուտերական Համաշխարհային դաշնակցութեան պատուիրակութեան ուղղած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն գոհութիւն յայտնեց Տիրոջ, լուտերական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ փոխյարաբերութիւններու գծով վերջին տարիներուն առնուած կարեւոր քայլերուն համար, յատկապէս հոգեւոր համամիութեան յանձնառումի առընչութեամբ որ ''վերջնական հաղորդութեան ուղեւորութեան սիրտն է'' - ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ ''որքան մենք Յիսուսի կը մօտենանք խոնարհութեամբ, այնքան վստահ կ՛ըլլանք թէ իրարու կը մօտենանք եւ որքան որ մենք Տիրոջ հայցենք միութեան շնորհքը, այնքանով Ան մեզի կ՛ընկերանայ ու մեզի առաջնորդ կը կանգնի։
Սրբազան հայրը ապա ակնարկեց երկու եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան 50 ամեակին եւ Լուտերական վերանորոգումի 5-րդ դարադարձին, որուն առթիւ կաթողիկէներն ու լուտերականները կարող են ներողութիւն խնդրել Աստուծմէ` մէկը միւսին պատճառած չարիքին համար եւ միասնաբար ուրախանալ այն միութեան իղձին համար, որ Տէրը մեր սրտերուն մէջ վերազարթնեց եւ որ մեզի թոյլ կու տայ յառաջ նայիլ` յոյսի աչքերով։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադառնալով վերջին տարիներուն ընթացքին առնուած քայլերուն ու խոչընդոտներուն վերակոչեց Պենետիկտոս ԺԶ-րդ քահանայապետի խօսքը ''միութիւնը մեր անձնական ուժերուն պտուղը չէ, այլ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան պտուղն է, որուն հարկ է վստահութեամբ բանալ մեր սրտերը, որպէսզի մեզ առաջնորդէ հաշտութեան եւ հաղորդութեան ճանապարհով''։
Հուսկ խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ` ''մեր հասարակութիւններէն ներս կատարուած հաւատարիմ ու յարատեւ աղօթքը, կարողանայ նեցուկ կանգնի, աստուածաբանական երկխօսութեան, կեանքի վերանորոգումին եւ սրտերու ապաշխարութեան եւ մէկ ու երրեակ Աստուծոյ օգնութեամբ, կարողանանք ընթանալ







All the contents on this site are copyrighted ©.