2013-10-21 13:31:54

Գիտութեանց քահանայապետական կաճառի մէջ տեղի կ'ունենայ միօրեայ հաւաք ''հաւատացեալները մարզանքի աշխարհէն ներս'' նիւթին մասին։


Երկուշաբթի 21 հոկտեմբերին, Վատիկանի քահանայապետական կաճառի կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ բաղդատութեան ու վկայութեան օր մը նուիրուած` ''հաւատացեալները մարզանքի աշխարհէն ներս'' նիւթին։
Հանդիպումը կազմակերպուած էր Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի եւ մարզանքի ու զբօսաշրջիկութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ եւ Իտալական մարզական կեդրոնին։
Հանդիպումը ուղղուած է կաթողիկէ մարզանքի ընկերակցութիւններուն եւ Իտալիոյ ազգային ու միջազգային մարզանքի պատասխանատուներուն։
Հանդիպումին նպատակն եղաւ խորհրդածել ու փոխանակել իւրաքանչիւրին փորձառութիւնները, մարզանքի դաստիարակչական, մշակութային ու հոգեւոր արժէքին մասին։
Յյայտնենք որ Վատիկանի քահանայապետական կաճառը որ կը կոչուի նաեւ ''Պիոս Դ տնակ'', հռոմէական կայսրութեան տուներէն մնացած միակ կառոյցն է։ Դուրսի պատերը շինուած են խճաքարերով եւ կը ներկայացնեն զանազան բոյսեր ու անասուններ` թռչուններ ու ձուկեր։ Այս տնակը` վերազարթօնքի քահանայապետներու օրով, եղած է մտաւորականներու ու բանաստեղծներու հաւաքատեղ։








All the contents on this site are copyrighted ©.