2013-10-19 13:05:46

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 19 հոկտեմբերի պաշտօնական հանդիպումները:


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ` 19 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, որմէ ետք ընդունեց Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին։
Ժամը 12,30-ին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Եւրոպայի Կեդրոնական Դրամատան նախագահ` Իտալացի Տիար Մարիօ Տրակի ու անոր ընտանեկան պարագաները, հուսկ ժամը 12,30-ին, Գլեմենդինա Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի թանգարանի բարերարներուն որոնք այս տարի կը նշեն Թանգարանի բարերարներու` ''Patrons of the Arts'' կազմակերպութեան հիմնադրութեան 30 ամեակը։
Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայնտեց անոնց օժանդակութեան եւ աշխատանքին համար յաջս Եկեղեցւոյ հոգեւոր գեղարուեստի ժառանգութեան պահպանումին։
''Եկեղեցին պատմութեան հոլովոյթին դիմեց նաեւ արուեստին արտայայտելու համար հաւատքի գեղեցկութիւնը եւ հռչակելու Աստուծոյ արարչագործութեան գեղեցկութեան աւետարանական պատգամը, մարդու արժանապատուութիւնը` ստեղծուած Աստուծոյ նմանութան ու պատկերի համաձայն եւ Յիսուս Քրիստոսի մահուան ու Յարութեան յաղթանակը որ փրկութիւն եւ վերածնունդ պարգեւեց աշխարհին որ մահուան ու մեղքին ողբերգութիւնը կ՛ապրի''։ Յայտնեց Սրբազան Հայրը իր արտասանած խօսքին մէջ որ ապա եզրափակեց ըսելով`''սիրելի բարեկամներ, Վատիկանի Թանգարանի ձեր ցուցաբերած այս նեցուկը, ըլլայ միշտ նշան Եկեղեցւոյ կեանքին ու անոր առաքելութեան ձեր մասնակցութեան''։ Նորին Արբութիւնը ապա ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն վրայ ջամբեց առաքելական իր օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.