2013-10-19 11:39:30

Սալէզեան Սթէֆանօ Սանտորը երանելի կը հռչակուի


Շաբաթ 19 հոկտեմբերի Պուտաբեշտի մէջ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ պատարագ եւ Սուրբ Ֆրանչէսկոս Տէ Սալէսի եղբայրութեան աշխարհական կրօնաւոր` Սթէֆանօ Սանտորի երանացման արարողութիւնը զօր կը գլխաւորէ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի որպէս ներկայացուցիչ Կարտինալ անճէլօ Ամաթօ Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը։

Սթէֆանօ Սանտոր ծնած է Հունգարիոյ Զոլնոք կոչուած քաղաքին մէջ 26 նոյեմբեր 1914-ին քրիստոնեայ ընտանիքի յարկին տակ։
Սթէֆանոն քրիստոնէական խորունկ դաստիարակութիւն ստացած է իր ծնողքէն։ ան մանուկ հասակէն ճանչուած է իր ընկերներէն որպէս ուրախ, լուրջ եւ քաղաքավար անձ մը։ Բարի օրինակ եղած է իր եղբայրներուն եւ ընկերներուն, ու անոնց սորվեցուցած է աղօթել։Ամէն օր պատարագի արարողութեան կը մասնակցէր Ֆրանչիսկեան հայրերուն մօտ։
Օր մը մինչ Սալէզիան միաբանութեան պարբերաթերթը կը կարդար, ճանչցաւ Տօն Պոսկոյի կեանքը եւ հրապուրուած սուրբի կեանքէն դիմեց իր հոգեւոր հօր անոր յայտնելով Սալէզեաներու վանք մտնելու իր փափաքը։ Անոր ծնողները սակայն հակառակ էին այս գաղափարին եւ ջանացին զինք համոզել որ միտքը փոխէ։
1936 թուականին , Սթէֆանօ ընդունուեցաւ ''Քլարիէսում'' կոչուած Սալէզեաններուն վանքը, ապա 8 սեպտեմբեր 1940 ին կատարեց սալէզեան միաբանութեան անդամակցութեան առաջին խոստումը։
Սալէզեան պատանիներու ծխական հաւաքավայրին մէջ զանազան պաշտօններ վարեց, դասաւանդելով նաեւ արուեստական մասնագիտական դասընթացքներ։
Կաթողիկէ երիտասարդ աշխատաւորներու ձեռնարկի գործունէութեան մէջ առաջինը հանդիսացաւ։
1942-ին կանչուեցաւ զինուորական սպասարկութեան եւ հոն արժանացաւ ռազմական արծաթէ մետալի։
Համաշխհարային Բ. պատերազմէն վերջ Սթէֆանօ ամբողջովին նուիրուեցաւ Հոգեւոր եւ նիւթական ընկերային կեանքը վերկանգնումին, յատուկօրէն իր շուրջ հաւաքելով աղքատ երիտասարդները եւ անոնց սորվեցնելով արհեստներ։
1948-ին Հունգարիոյ մէջ սկիզբ կ՝առնեն կաթողիկէ դպրոցներուն դէմ հալածանքները, ու անոնցմէ շատերը ստիպողական իրենց դռները կը փակեն։ 1952-ին, մինչ Սթէֆանօն մէկ տպարանի մը մէջ կ՛աշխատէր կ՛առեւանգուի ու անոր ճակատագիրը անյայտ կը մնայ իր եղբայրակիցներուն։
Սթէֆանօ Սանտորի երանացումի դատը սկիզբ առած է
24 մայիս 2006 -ին Պուտաբեշտի մէջ եւ աւարտած է 27 մարտ 2013-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.