2013-10-19 09:10:13

Հայաստանի Մէջ ձուլուած Քրիստոսի արձանը կանգնեցուած Է Սուրիոյ մէջ


Սուրիոյ Սէյիտնայա քաղաքին մէջ 14 Հոկտեմբերին, Ռուսիոյ եւ Ուկրանիոյ օրթոտոքս Եկեղեցիներու պատուիրակներու ներկայութեամբ, կանգնեցուած է Հայաստանի մէջ ձուլուած Յիսուսի 39 մեթր բարձրութեամբ պրոնզէ շքեղ արձանը:
Արձանը կը կոչուի «Ես եկած եմ փրկելու աշխարհը». անիկա աւելի բարձր է Պրազիլի մէջ գտնուող համանման քանդակէն։
Հայաստանի մէջ ձուլուած արձանի տեղադրման եռօրեայ աշխատանքներուն ընթացքին պատերազմական գործողութիւնները դադրած էին այդ շրջանին մէջ։
Արձանի տեղադրման գաղափարը ծագած է 5 տարի առաջ՝ գործարար Եուրի Կաւրիլովի կողմէ, որուն աջակցած է սուրիացի առեւտրական Քատման Սամիր Շաքիպը: Արձանի տեղադրումէն երկու օր ետք մտայղացման հեղինակ Եուրի Կաւիլով մահացած է՝ իբրեւ յիշատակ ձգելով նման գեղեցիկ գործ մը Սուրիոյ եւ աշխարհին համար։
Յայտնենք որ արձանը կը գտնուի 2100 բարձրութեամբ լեռան մը վրայ եւ կարելի է զայն տեսնել Լիբանանէն, Յորդանանէն, Պաղեստինէն եւ Իսրայելէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.