2013-10-19 12:04:37

Կարտինալ Թոռան յատուկ պատգամաւոր ֆրանսայի Լիլ Թեմի ստեղծման առաջին դարադարձին։


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին, նշանակած է որպէս իր յատուկ պատգամաւորը մասնակցելու ֆրանսայի Լիլ թեմի ստեղծման առաջին դարադարձի տօնախմբութիւններուն որ տեղի կ՛ունենան յառաջիկայ 26 եւ 27 հոկտեմբերին։ Կարտինալ Թոռանին կ՛ընկերանանշ որպէս պատուիրակութեան անդամաներ, գերապայծառ Պէրնարտ Բոտվին` Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի բանբեր եւ Հայր Սիլվիան Պաթայ Հռոմի Ֆրանսական Նորընծայարանի Րէկտոր։
Յայտնենք որ Լիլ քաղաքի Թեմը ստեղծուած է 25 հոկտեմբեր 1913-ին։ Ներկայիս ունի 116 ժողովրդապետութիւններ։ Թեմին Առաջնորդն է արքեպիսկոպոս Լոռան Ուլրիշ։








All the contents on this site are copyrighted ©.