Home Archivio
2013-10-19 11:11:26
Գիւմրիի մէջ արձանագրուած երկրաշարժին յետցնցում յաջորդած է
ՀՀ ԱԻՆ երկրաշարժի պաշտպանութեան ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ Հոկտեմբեր 18-ին, ժամը 00.43-ին, ՍՊԾ-ի երկրաշարժաբանական ցանցին կողմէ արձանագրուած է 2,5 ծաւալով յետցնցում, որուն ուժգնութիւնը կեդտրոնական գօտիին վրայ կազմած է 3 աստիճան:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հոկտեմբեր 17-ին, ժամը 19.05-ին, ՍՊԾ-ի երկրաշարժաբանական ցանցին կողմէ արձանագրուած է 3.0 ծաւալով երկրաշարժ, որուն կեդրոնը կը գտնուի Հայաստանի տարածքին` Գիւմրի քաղաքէն 20քմ դէպի հիւսիս:
Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուի 10 քմ խորութեան վրայ: Երկրաշարժի ուժգնութիւնը կեդրոնական գօտիին վրայ կազմած է 4 աստիճան: Երկրաշարժը զգացուած է Արթիկ եւ Գիւմրի քաղաքներուն մէջ, 3 աստիճան հզօրութեամբ:
All the contents on this site are copyrighted ©.