2013-10-18 13:05:48

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Վատիկանի հեռուստակայանի հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ։


Վատիկանի հեռուստատեսիլի կայանը '' CTV''-ն հաստատուեցաւ 22 հոկտեմբեր 1983-ին, երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կամքով։
Վատիկանի հեռուստակայանի ստեղծումին 30-րդ տարեդարձին առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց անոր տնօրէն` գերապայծառ Էտուարտ Վիկանոյին ընդգծելով թէ ''ձեր աշխատանքը սպասարկութիւն մըն է Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ''։
Յայտնենք որ Վատիկանի հեռուստակայանի տարեդարձը կը զուգադիպի Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի ընկերային հաղորդակցութեանց վերաբերեալ հրատարակուած վաւերաթուղթին 50-րդ տարեդարձին։
Տիեզերական Ժողովի Հայրերը ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցները որակած էին ''երկրին աղն ու լոյսը, որ կը բեղմնաւորեն ու կը լուսաւորեն աշխարհը, տարածելով Յիսուս Քրիստոսի լոյսը ու սատարելով համայն մարդկութեան յառաջդիմութեան''։
Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Վատիկանի հեռուստատեսիլը հաստատելով կը մտէր նպաստել Եկեղեցւոյ տիեզերական առաքելութեան, պատկերին միջոցաւ այսօրուայ աշխարհին ներկայացնելու Եկեղեցւոյ կեանքը, ուսուցումն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատելու մարդկային անհատի արժանաւորութեան, արդարութեան, երկխօսութեան ու խաղաղութեան ի սպաս։
''Մոռնալու չէք, - կը կարդանք Սրբազան Քահանայապետի պատգամին մէջ - , որ ձեր այս սպասարկութիւնը Եկեղեցական բնոյթ ունի'' եւ ''ձեր պարզած դէպքերն ու տեսութիւնը չեն կրնար ըլլալ ''աշխարհիկ''։ Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու դերը օրէ օր կը զօրանայ, այնպէս որ անիկա դարձած է անհրաժեշտ` պատմելու աշխարհի ժամանակակից պատմութիւնը։ Այս ամէնը իր անդրադարձը կ'ունենայ նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

Սրբազան Քահանայապետը իր ջերմ երախտագիտութիւնը յայտնած է Վատիկանի հեռուստատեսիլի տնօրէնին ու անձնակազմին տածած գնահատելի աշխատանքին համար ''կերտելով կամուրջներ ժողովուրդներու միջեւ, յաղթահարելով պատնէշներն ու փոսերը ու տանելով Աւետարանի լոյսը ամենուրէք''։ Այս ամէնը կը պահանջեն միացեալ ջանք եւ համախոհութեան ու համագործակցութեան հոգի - կը գրէ Նորին Սրբութիւնը ու ապա կը մատնանշէ - ` ''դուք չէզոք դեր մը կը կատարէք` դէպքերը ու վաւերագրերը ներկայացնելով։ Այսպէսով կը սատարէք Եկեղեցին մօտեցնելու աշխարհին։ Շնորհիւ պատկերին, Վատիկանի հեռուստատեսիլը կ'ընթանայ Քահանայապետին հետ, Քրիստոսը տանելու քրիստոնեաներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց։ Ձեր այս առաքելութեամբ Եկեղեցին ամենուրէք ներկայ է` հրաւիրելու համար մարդը Յիսուսի հետ հանդիպում ունենալու։ Քրիստոս միայն կարող է բարեփոխել մարդուն սիրտն ու պատմութիւնը - կ՛եզրափակէ Սրբազան Հայրը ուա ապա կը քաջալերէ Վատիկանի հեռուստակայանը յառաջ տանելու Աւետարանի վկայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.