2013-10-18 13:19:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 18 հոկտեմբերի պաշտօնական համդիպումները։


Ուրբաթ, 18 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Գամէրունի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Փոլ Պիյա, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։ Նորին սրբութիւնը ապա ժամը 11-ին, յաջորդաբար ընդւնեց, Ալպանիայի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Ռամիրօ Մոլինէր Ինկլէս, Իտալիոյ Թերնի -Նարնի -Ամէլիա թեմի առաքելական հոգաբարձու` գերապայծառ Էրնէսթօ Վէգգի եւ ''Օբուս Տէյի'' միաբանութեան վիճակաւորը գերապայծառ Խավիէ Էչէվարրիա Րոտրիկէզ։
Սրբազան Հայրը հուսկ ժամը 12-ին ''Քահանայապետներու'' սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''խորհրդատետրի անգլերէնի թարգմանութեան միջազգային յանձնախումբի'' անդամներուն որոնք հռոմ համախմբուած են նշելու յանձանխումբի հաստատամն 50 ամեակը։
Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ այս հանդիպումը պատեհ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու յանձնախումբին 50 տարիներու ընթացքին տարած աշխատանքին համար, որուն միջոցաւ կարելի եղաւ հասկնալ ծէսն ու հաւատքը։ ''Ձեր յանձնախումբը սատարեց Եկեղեցւոյ հաւատքի միութեան ու անոր հաղորդութեան ամրապնդման որ իր ծագումը կը գտնէ Սուրբ Երրորդութեան մէջ, որ անընդհատ կը հաշտեցնէ եւ կը զարգացնէ բազմազանութեան հարստութիւնը։ Թող ձեր աշխատանքը սատարէ իրականացնելու Պօղոս Զ-ի արտայայտած իղձը ''լեզուներու բազմազանութեան ընդմէջէն, միակ աղօթք մը բաձրանայ որպէս հաճելի ընծայ` երկինքը գտնուող մեր Հօր, գերագոյն քահանայի` Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խօսքը - ու ապա ներկաներուն ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.