2013-10-18 09:34:16

Վատիկանի մէջ Սրբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրուած ցուցահանդէսը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է


Վատիկանի մէջ Սուրբ Աթոռի Քարտուղարութեան Պալատին մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքին եւ գործունէութեանը նուիրուած ցուցադրութիւնը իտալական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հաստատուելուն առիթով բացուած ցուցահանդէսը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով «Հռոմ ռիփորթս»-ի կայքը: Փաստաթղթերու սեւ եւ սպիտակ լուսապատճէններով ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ Լուսաւորիչի կենսագրութիւնը` իբրեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադիր եւ Հայաստանը` որպէս աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւնը առաջինը ճանչցած պետութիւն:
Սրբ. Գրիգորին կ’երկրպագէ ինչպէս Հայ առաքելական, այնպէս եւ Կաթողիկէ եկեղեցին: Վատիկանի Սրբ. Պետրոս պազիլիք եկեղեցւոյ արտաքին պատի որմնախորշին մէջ 2005-ին դրուեցաւ անոր յուշարձանը, իսկ 2000-ին Սրբ. Յովհաննէս Պօղոս II պապը սուրբ Գրիգորի մասունքներ նուիրեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ: «Կաթողիկէ եկեղեցին բազմաթիւ սուրբ Գրիգորներ ունի, բայց այս ցուցահանդէսի անակնկալը պիտի ըլլայ հայկական սուրբ Գրիգորի բացայայտումը: Ցուցահանդէսին երկրորդ հատուածը պիտի նուիրուի Գրիգոր Լուսաւորիչի սուրբ մասունքներու տարածման պատմութեան եւ անոր ներկայութեան Պոլիսի, Հռոմի եւ այլուր»,- նշած է Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպանի օգնական Վարդան Կարապետեան:
Սուրբ Աթոռին մէջ ՀՀ դեսպանատան կազմակերպած ցուցահանդէսին նպատակն է ոչ միայն ընդգծել Սրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ժառանգութեան մեծ կարեւորութիւնը, այլեւ ՀՀ եւ պապական քաղաք-պետութեան` Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու նոր էջը:
2013-ի Ամրան Վատիկանի մէջ բացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն առաջին դեսպանատունը:







All the contents on this site are copyrighted ©.