2013-10-18 10:25:29

''Հռոմի Քուրիայի'' տարեկան հոգեւոր կրթութիւնը Ալպանոյի մէջ ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երբեմնի վատիկանի պետական քարտուղար` կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի ստորագրութիւնը կրող մէկ նամակով, որոշեց որ 2014-ի ''Հռոմի Քուրիայի'' հոգեւոր կրթութիւնը տեղի ունենայ Ալպանոյի մէջ գտնուող Պօղոսեաններու պատկանող ''Քազա տէլ Տիվին Մայէսդրօ'' վանքին մէջ, յառաջիկայ 9-14 մարտ, քառասնորդաց շրջանի առաջին շաբթուայ ընթացքին։ Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչը պիտի ըլլայ Հռոմի թեմէն Գերապայծառ Անճէլօ Տէ Տոնադիս։
Սոյն որոշումի նպատակն է առանձնանալ եւ ամփոփուիլ, հեռու աշխատանքային գրասենեակներէն, աւելիով նուիրուելու խորհրդածութեան եւ հոգեւոր կրթութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.