2013-10-18 09:26:28

«Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կրնայ նոյեմբեր 23-24ին տեղի ունենալ։


Ռուսիա այցելող Սուրիոյ փոխվարչապետ Քատրի Ժամիլ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով կազմակերպուող «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը կրնայ տեղի ունենալ Նոյեմբեր 23-24ին, սակայն ընդունեց, թէ վերջնական որոշումը ՄԱԿէն պիտի տրուի:
Յայտնենք, թէ նոյն օրը Քիմիական զէնքի արգիլման կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական քիմիական զէնքերու 20 կեդրոններէն 11ը արդէն իսկ քննուած է եւ անոնցմէ վեցին մէջ զէնքերը եւ արտադրութեան գործիքները բնաջնջուած են:
Մէկ օր առաջ, ՄԱԿը եւ Քիմիական զէնքի արգիլման կազմակերպութիւնը համաձայնեցան Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերը բնաջնջելու առաքելութեան միացեալ յանձնակատար նշանակել հոլանտացի Սիկրիտ Քաակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.