2013-10-17 12:21:14

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը շնորհաւորած է իսլամ աշխարհը, ''Էլ Ատհա'' տօնին առթիւ։


Իսլամ աշխարհի ''Էլ Ատհա'' տօնին առթիւ, Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ, իսլամ աշխարհին յայտնեելով իր բարեմաղթութիւնները, ընդգծած է իսլամներուն հետ իր եղբայրական կապերը ։ Այս տօնախմբութեամբ մահմետականները կը յիշատակեն Աբրահամ նահապետի հաւատարմութիւնը Աստուծոյ կամքին։ Այդ նոյն Աստուածը որ հրեաներն ու քրիստոնեաները կը պաշտեն։ Պատրիարքը իր շնորհաւորգիրին մէջ գրած է որ Սուրիոյ ողբերգական կացութիւնը կը մթագնէ տօնին ցնծութիւնը։ Սրտաբուխ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք Ամնակալին որպէսզի խաղաղութիւն շնորհէ Միջին Արեւելքին ու Ս. Երկրին։ Սրտանց կը շնորհաւորենք Տօնը։ Թող խաղաղութիւնը հաստատուի բոլորին սրտին մէջ եւ թող Բարձրեալը ամէնքը օրհնէ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.