2013-10-17 11:16:30

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումները Պրիւքսէլի մէջ


Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պրիւքսէլ հրաւիրուածէր իր խօսքը ուղղելու Եւրոպայի Հայ համայնքներու Գ. Համագումարին եւ օտարներու մասնկացութեամμ տեղի ունեցած եւ Հայ Դատին նուիրուած համագումարին: Պրիւքսէլ իր կեցութեան երեք օրերու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.- Պէլճիքայի ու Եւրոպական համայնքին մօտ Լիμանանի Դեսպանը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ մը տուաւ, որուն ներկայ եղան լիբանանեան համայնքի պատասխանատուներու շարքին նաեւ Վատիկանի ներկայացուցիչները: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առնելով Դեսպանը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայութեան ցուցաբերած հայրենասիրութեան ու Լիբանանի ծաղկման ու բարգաւաճման իր բերած դրական մասնակցութեան: Նորին Սրբութիւնը իր կարգին շեշտեց Լիբանանի եզակի կարեւորութիւնը որպէս համայնքներու գոյակցութեան տիպար երկիր ու նաեւ կամուրջ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ:
Պէլճիքայի ու Եւրոպական համայնքին մօտ Հայաստանի Դեսպանը ի պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու Ղարաբաղի Նախագահին ճաշկերոյթ սարքեց:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Ղարաբաղի Փոխ-Վարչապետն ու Արտաքին Գործոց Նախարարը, Եւրոպայի զանազան երկիրներու դեսպաններ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Գրասենեակի պատասխանատուներ: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսքեր արտասանուեցան Վեհափառ Հայրապետին, Ղարաբաղի Նախագահին եւ ներկաներուն կողմէ, շեշտելով Հայ ժողովուրդի իրաւունքները միասնաբար հետապնդելու ու Հայաստանի եւ Ղարաբաղի զօրացման մասնակից դառնալու հրամայականը:
Վեհափառ Հայրապետն ու Ղարաբաղի Նախագահը ներկայ գտնուեցան իրենց պատուիրակութեան անդամներով Եւրոպական համայնքի եւ Հայաստանի ու Ղարաբաղի հետ բարեկամութեան խմբակին Նախագահին կողմէ տրուած ճաշկերոյթին:
Վեհափառ Հայրապետը, Ղարաբաղի Նախագահը եւ Ազգային Ժողովի Նախագահը իրենց պատուիրակութեամբ այցելեցին Նահատակաց Յուշակոթողը, որ զետեղուած է Պրիւքսէլի հրապարակներէն մէկուն կեդրոնը: Երկու նախագահները ծաղկեպսակ զետեղեցին, իսկ Վեհափառ Հայրապետը ,Հոգւոց...ե արտասանեց մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը, Ղարաբաղի Նախագահ` Տիար Բակօ Սահակեանն ու Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահ` Տիար Յովիկ Աբրահամեանը, առանձին հանդիպումներ ունեցան, որոնց ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի, Ղարաբաղի ու Սփիւռքի միջեւ գործակցութիւնը
աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները: Յայտնենք նաեւ, որ Վեհափառ Հայրապետին թէ ժամանման եւ թէ մեկնումին առիթով, Հայաստանի ու Լիբանանի դեսպանները ներկայ գտնուեցան օդակայան:







All the contents on this site are copyrighted ©.