2013-10-16 16:01:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը ՖԱՕ-ի Սննդառութեան Համաշխարհային օրուայ առթիւ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ՖԱՕ-ի Սննդառութեան Համաշխարհային Օրուայ Առթիւ պատգամ մը յղեց որուն մէջ գրած է. Սննդառութեան համաշխարհային օրը , մեզ կը դնէ մարդկութեան ամէնէն լուրջ մարտահրաւէրներուն առջեւ։ Ողբերգական պայմաններուն մէջ միլիոնաւոր մարդիկ սովի մէջ կ՛ապրին կամ վատ սնունդ կը ստանան, եւ ասոնց մեծամասնութիւնը մանուկներ են։Այս մարտահրաւէրը աւելի ծանր կշիռք ունի քանի՝ յատկանշուած է գիտական զանազան ասպարէզներու աննախընթաց յառաջդիմութեամբ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ծաւալումով։Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց թէ '' աշխհարին մէջ տակաւին տիրող անօթութիւնն ու վատ սննդառութիւնը մեծ գայթակղութեան առիթ են'' ու թէ բոլորս միասին դիմագրաւելու ենք այս խնդիրը, վերջնական եւ յարատեւ լուծումի մը հանգելու համար։
Ոչ մէկը թող ստիպուի լքել իր երկիրն ու միջավայրը` ապրուստի էական միջոցներու անբաւարարութեան պատճառաւ - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Կ՛ապրինք ժամանկաշրջանի մը մէջ ուր համաշխհարականցումը առիթ կ՛ընծայէ ճանչնալու աշխհարի կարիքներու իրավիճակը ու բազմապատկելու փոխյարաբերութիւններն ու մարդկային շփումը, ու սակայն, անհատականութեան եւ մենք մեր մէջ փակուելու հարումը՝ աճ կ՛արձանագրէ, անտարբերութեան դիրք մը յառաջացնելով, բոլոր անոնց հանդէպ որ անօթութեան կամ վատ սննդառութեան զոհ են։

Հարկ է մեր ու մեր մտայնութեան եւ ընկերութեան մէջ փոփոխութիւն մը իրականանայ։ Եւ այս ուղղութեամբ հարկ է վճռակամօրէն քանդել անհատականութեան պատնէշները, Եւ այսօր աւելի քան երբեք, յառաջացնել զօրակցութեան դաստիրակութիւնը, ճանչնալով այս բառին արժէքն ու իմաստը որ յաճախ մեզի խորթ կը թուի։ Միայն, երբ իսկապէս զօրակից ենք յաղթահարելով անձնասիրութիւնն ու անհատական շահերը, սննդառութեան ամբաւարարութեան հարցը կարելի կ՛ըլլայ լուծել։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ Սննդառութեան Համաշխարհային օրուայ թեմային որ է '' առողջ մարդիկը կախում ունին սննդական առողջ համակարգերէ'' մատնանշելով թէ ֆԱՕ- ի վեջին տուեալներուն համաձայն, սննդեղէնի արտադրութեան մէկ երրորդը մսխումի կ՛ենթարկուի եւ եթէ այս մսխումը արգիլուի բաւարար կ՛ըլլայ աշխարհի անօթիներու թիւը կտրուկօրէն նուազեցնելու ։Մեր ծնողները մեզի փոխանցած են այն արժէքը թէ ինչ որ կը ստանանք կամ ունինք` Աստուծոյ թանկագին պարգեւն է - յայտնեց Սրբազան Հայրը ու ապա, անդրադարցաւ ՖԱՕ-ի ''Միջազգային գիւղային ըտանիքի տարւոյն'' հաստատելով թէ ասիկայ իրեն առիթ կ՛ընծայէ ակնարկելու թէ ''զօրակցութեան դաստիարակութիւնը եւ մսխումի մշակոյթի գերազանցումն ու անհատը եւ անոր արժանապատուութիւնը որպէս կեդրոն ունենալը որպէս մեկնակէտ ունենալու են ''ընտանիքը''։ Որովհետեւ ընտանիքը դաստիարակութեան առաջին հասարակութիւնն է, ուր կը սորվինք խնամել ուրիշը, անոր բարիքը ուզել եւ սիրել ստեղծագործութեան ներդաշնակութիւնը, վայելել զայն ու կիսել անոր պտուղները։ Նեցուկ ըլլալ ընտանիքին եւ զայն պաշտպանել, որպէսզի կարենայ դաստիարակել զօրակցութեան եւ յարգանքի, վճռական քայլ մըն է ընթանալու համար դէպի աւելի արդար ու հաւասար ընկերութիւն մը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր պատգամի աւարտին հաստատեց թէ ''Կաթողիկէ եկեղեցին կ՛աջակցի ձեր ուղեւորութեան, վստահ ըլլալով որ սէրը իր առաքելութեան հոգին է։ Թող այսօրուայ հանդիսութիւնը չ՛ըլլայ լոկ նշում մը այլ՝ մեր մէջ յառաջացնէ հանդիպումի եւ զօրակցութեան մշակոյթը որպէսզի կարենանք անօթութեան, սնունդի անբաւարարութեան ու մարդու արժանապատուութեան հայող բոլոր հարցերուն` յարմար պատասխաններ տալ։







All the contents on this site are copyrighted ©.