Չորեքշաբթի 16 հոկտեմբերին կը նշուի ՖԱՕ-ի Սննդառութեան Համաշխարհային օրը որուն այս
տարուայ բնաբանն է. ''առողջ մարդիկը կախում ունին սննդական առողջ համակարգերէ''։ Յայտնենք
որ սննդառութեան համաշխարհային օրը սկիզբ առած է 1945-ին, եւ կը նշուի ամէն տարի, յշատակելու
համար Ֆաօ-ի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Չորեքշաբթի 16 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆաօ-ի
Հռոմի մէջ գտնուող կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Սննդառութեան Համաշխարհային օրուայ հանդիսաւոր
բացումը որուն ընթացքին` գերապայծառ Լուիճի Դրավալյինոն կարդաց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի
այս առթիւ ուղղած պատգամը։ Յետ միջօրէին տեղի կ՛ունենայ գիտաժողով մը ''սնունդի մսխումի''
մասին որուն կը մասնակցին քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւննեու
ներկայացուցիչներ։