2013-10-16 14:56:01

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ
Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն


՜՜Կատուն ինչքան ալ մեծնայ, չի կրնար վագր դառնալ, միշտ կատու կը մնայ…՝՝:
Ամէնէն փոքր տարիքի մանուկին ալ եթէ հարց տրուի թէ ապագային երբ մեծնայ ի՞նչ կ՛ուզէ ըլլալ, ըստ ծնողներու տուած ուղղութեան, անպայման փափաք մը կը յայտնէ: Անոնցմէ մէկը կը պատկերացնէ բանակի հրամանատարութիւն ստանձնելը, կամ օդաչու ըլլալը, գեղեցիկ ու մեծ արագութեամբ սուրացող ինքնաշարժի տէր դարձած ըլլալը, կամ երեւակայական այլ դիրքեր՝ արբանեակային աշխարհի մէջ կայաններու տէր ըլլալը եւ ուրիշ գերմարդկային զօրութեանց տիրացած ըլլալը: Բնական մղում է որ անոնք փափաքին վերեւէն ճախրել եւ բարձրէն դիտել աշխարհը:
Ուրեմն, երեւակայելը, ապագայի համար տեսիլք ունենալը, աւելի բարձրին ձգտիլը ու այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլը, մարդկային ներքին բնական մղումներ կը նկատուին:
Սակայն հոս եւս տրամաբանութիւնը պէտք է գործէ: Կարելի չէ՛ անկարելին կարելի դարձնելու համար ժամանակ վատնել: Երեւակայութիւնն ալ որոշ տեղ, պէտք է իրականութիւն դառնալու յոյսի նշոյլ ունենայ:
Մանուկներու երեւակայութեան մէջ, դարձեալ, թեւեր հագած թռչելու գաղափարը միշտ եղած է: Ամէնէն կարեւորը այն էր, թէ երեւակայութիւնն ալ սահման ունի, եւ անոր սահմանագիծը դնողը, մարդկային տրամաբանութիւնն է:
Բայց, ֆիզիքական կոյրերէն, հոգեկան կոյրերէն ու մտային կոյրերէն բացի, կան նաեւ տրամաբանութեամբ կոյրեր, որոնք իսկապէս խեղճ անձեր պէտք է համարել մարդկային ընկերութեան մէջ, որովհետեւ իրենց եղածէն աւելին կը տեսնեն իրենց անձը:
Սա ողբերգութիւն է, երբ մարդ իր անկարող ըլլալը առանց իմանալու, ամենակարողին հետ կ՛ուզէ չափուիլ…: Կատուն ինչքան ալ մեծնայ, ինչ տեսակ միս ու իւղ ուտէ, ինչքան ալ մկան ու բուրդ աճեցնէ, վագր չի՛ կրնար դառնալ, այլ կատու պիտի մնայ… առածին կը նմանի պարսկական առածը որ կ՛ըսէ. «Կատուին մեծութիւնը ի՞նչ է, որ անոր գլուխով պատրաստուած խաշը բաւարար ըլլայ»:
Կատուն բոլորս ալ կը ճանչնանք: Ան, ապերախտ է, սակայն ո՛չ նախայարձակ, ո՛չ ալ վախազդու, այլ՝ ընտանի կենդանի է: Ասոնց ամէնէն փողոցային տեսակը, որ աղբի տակառներէն չի՛ հեռանար, հազիւ մարդու ոտնաձայն առած, նոյնիսկ փքոցներ արձակելէ եւ ճանկ ցոյց տալէ ետք, ի վերջոյ արագասոյր կը հեռանայ այդ վայրէն, վախի ազդեցութեան տակ:
Ո՛չ մէկ ատեն անոնցմէ մէկը կ՛երեւակայէ վագրի դերակատարութիւնը ստանձնել, մնալ իր տեղը, կամ նախայարձակ դառնալ, զինք խանգարող մարդը յօշոտելու հեռանկարով:
Իրական կեանքի մէջ ալ նոյնն է կացութիւնը: Ոմանք պարզապէս իրենց տեղը ու դերը չեն ճանչնար մարդկային ընկերութեան մէջ: Փոքր պաշտօն ստանձնելէ ետք, երկնային պատգամին՝ «ով որ փոքրին մէջ հաւատարիմ է, աւելի բարձր պաշտօնի վստահելի պիտի նկատուի» (Հմմտ. Մտ 25.21), գործադրողը կը դառնան: Բարեկա՛մ, ատիկա երկնային վարձատրութիւն է, զոր դուն չես որ դուն քեզի պիտի շնորհես , այլ ատիկա երկինքէն պիտի տրուի, համաձայն քու կարողութիւններուդ: Քու պարտականութիւնդ միայն քեզի տրուածը լա՛ւ կատարելուն, ու իր աւարտին հասցնելուն մէջ է:
Իր անձը աւելի բարձրին արժանի համարողներ, յաճախ յուսահատած ու ի վերջոյ յուսալքուած են: Այսպիսի անձեր կարելի է նմանեցնել սովորական բնութեամբ կատուի, որ իր նպատակակէտը դարձուցած է ի վերջոյ վագր դառնալ:
Ինչքա՜ն ծիծաղելի է այն կատուն որ իր բնութիւնը չի՛ ճանչնար: Իսկ ինչքա՜ն աւելի ծիծաղելի է այն մարդը, որ իր կարողութեանց սահմանագծումներէն անտեղեակ է…:
Մարդուն անիմաստ տեղը բարձրանալու ձգտումը նշմարելով կրնանք ըսել.- Անկարելի է որ կատուն վագր դառնայ...: Մարդ իր անձը ծիծաղի առարկայ չդարձնելու համար, լաւագոյնը պիտի ըլլայ, որ ան իր կարողութեանց չափը իմանայ:
Բարեկամ, եթէ սահմանափակուած են կարողութիւններդ միայն կատուի ոյժի շրջագծին մէջ, երբեք վագրի մորթ հագնելով անտառ մի՛ մտներ, որովհետեւ գուցէ գզվռտոցի պահուն մորթդ պատռուի, եւ իմանան կատուի բնութիւնդ ու անտառի գազանները հաւաքուելով յօշոտեն քեզ: Կատուն վագր չի՛ դառնար: Ասկէ աւելի պարզ հաստատում կարելի չէ՛ գտնել, համոզելու համար ոմանք: Ուրեմն, ինչքան ալ երեւակայութեանդ թռիչք տաս, պահէ զանիկա տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ: Իսկ կարողութիւններուն քննութեամբ, համեստութիւնը ունեցիր վերելքի աստիճաններուդ ամէնէն բարձրը գտնելու, եւ անկէ անդին մի՛ անցնիր, որպէսզի վար իյնալով չխորտակուիս:
Մի՛ մոռնար, որ կատուն երբեք վագր չի՛ դառնար, ինչքան ալ պարարտացնող մսեղէն ուտէ, կամ իւղալի պատառներ ծամէ կլափին շարուած սրածայր ատամներով…:







All the contents on this site are copyrighted ©.