2013-10-15 14:11:51

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հանդիպումը Վատիկանի Պետքարտուղարութեան պատասխանատուներուն հետ։


Երեքշաբթի, 15 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պետքարտուղարութեան մատենադարանին մէջ, յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան պատասխանատու մարմնին անդամներուն հետ, որուն ընթացքին Ան ուզեց հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէին` Սուրբ Աթոռին ի սպաս մատուցած հաւատարիմ եւ անձնուէր ծառայութեան համար, ու ապա պաշտօնապէս ներկայացնել, անցեալ 31 օգոստոսին անուանած նոր Պետական Քարտուղարը` գերապայծառ Փիէդրօ Փարոլինը։
Հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ Կարտինալ Պերթոնէն որ մեծարեց Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի եօթնամեայ քահանայապետութեան շրջանը ու Անոր քաջութիւնն ու եկեղեցւոյ ի սպաս նուիրումը, հաստատելով թէ ''հեռուէն եկած'' անոր յաջորդ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մէջ ինք կը տեսնէ այդ քահանայապետութեան շարունակութիւնը` թէեւ այս վերջինս բնորոշուած է տարբեր ոճով ու շարժուձեւորով։Կարտինալ Պերթոնէն արդ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած գնահատանքին ու բարի գալուստ մաղթեց իրեն յաջորդ, նորընտրեալ պետքարտուղար` գերապայծառ Փարոլինին։
Ապա խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ իր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտենց Կարտինալ Պերթոնէին, անոր մատուցած եօթը տարուայ ծառայութեան, ի սպաս Վատիկանի պետական քարտուղարութեան, մատնանշելով անոր հաւատարմութեանը Սալեզեան միաբանութեան հիմնադիր` ''Տոն Պոսքոյի'' հոգիին, որուն միջոզաւ կարողացաւ յառաջ տանիլ իրեն յանձնուած պաշտօնը։
Նորին Սրբութիւնը ապա բարի գալուստի մաղթանք յայտնեց նոր Պետական Քարտուղարին որ ''լաւ կը ճանչնայ պետքարտուղարութեան ընտանիքը'' հուսկ շնորհակալական խօսք մը ուղղեց բոլոր ներկաներուն իրենց առօրեայ ժրաջան ծառայութեան համար անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ու անոնց ապահովցնելով իր անձնական աղօթքներն ու իր բարեկամութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.