2013-10-15 09:53:03

Սուրիա պաշտօնապէս դարձաւ ՔԶՏԱԿ-ի անդամ. «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պիտի զգումարուի» կ՛ըսէ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ ինք իր երկրին քիմիական զէնքերու զինանոցի կորուստին համար չի ցաւիր, որովհետեւ զայն ժամանակավրէպ կը նկատէ` նշելով, որ իր երկիրը 1997-ին դադրած է քիմիական զէնքեր արտադրելէ եւ զայն փոխարինած է աւանդական զէնքերով, որոնք մարտի դաշտին մէջ վճռորոշ ազդեցութիւն ունին, սակայն նշեց, որ քիմիական զէնքերը յանձնելու արարքը ինքնին բարոյական ու քաղաքական կորուստ մըն է:
Ինչ կը վերաբերի Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին տիրանալուն, Ասատ կատակելով յայտնած է, որ` «այդ մրցանակը պէտք էր ինծի տրուէր»:
Ասատ նշեց, որ ռուսերը Սուրիան, անոր ժողովուրդը, վարչակարգը կամ նախագահը չեն պաշտպաներ, այլ իրենք զիրենք կը պաշտպանեն` աւելցնելով, որ Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանողը խորքին մէջ քաղաքականութիւնն է, աւելի քան ռազմական զինանոցը:
Սուրիոյ նախագահը այն կարծիքը յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը պիտի չգումարուի, թէեւ նոյեմբերը ճշդուեցաւ իբրեւ անոր գումարման թուական: Ան նշեց, որ Սուրիա հարց չունի մասնակցելու եւ անոր պահանջը յստակ է եւ հիմնուած է երկու սկզբունքներու վրայ` քուէատուփը եւ ահաբեկիչներուն աջակցութեան դադրեցումը







All the contents on this site are copyrighted ©.