2013-10-15 09:34:30

Յովհաննէս ԻԳ-ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասման արարողութեան հայող Քահանայապետական Տան վարչութեան յայտարարութիւնը։


Ի տես Յովհաննէս ԻԳ-ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասման արարողութեան որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 2014-ի ապրիլ 27-ին, Քահանայապետական Տան վարչութիւնը յայտարարած է թէ բոլոր անոնք որ փափաք ունին մասնակցիլ սրբադասման արարողութեան ազատօրէն կրնան ժամանել Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, առանց որեւէ տոմսակի հարկաւորութեան։
Քահանայապետական Տան վարչութիւնը կը զգուշացնէ հաւատացեալները ''խաբէութիւններէ'' կամ տոմսեր վաճառողներէ հաստատելով թէ արարողութիւնը բաց է բոլորին եւ թէ ընդհանրապէս Վատիկանի մէջ կայացած արարողութիւններու տոմսերը ձրի են։







All the contents on this site are copyrighted ©.