2013-10-15 10:04:26

Միացեալ Նահանգներու պիւտճէական անելին հետեւանքով համաշխարհային տնտեսական աղէտին մնացած է միայն չորս օր


Միջազգային դրամատան ղեկավար Ճիմ Էն Քիմ յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները միայն չորս օր ունին` պարտքերը չկարենալ վճարելու կարելիութեան համար:
Ըստ անոր, պետական պարտքի առաւելագոյն չափը աւելցնելու խնդիրի շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնելու Ուաշինկթընի քաղաքական գործիչներու անկարողութիւնը կրնայ համաշխարհային տնտեսական աղէտի յանգեցնել:
«Ընդամէնը չորս օր մեզ կը բաժնէ շատ վտանգաւոր պահէն: Ես ամերիկացի գործիչներուն կոչ կ՛ուղղեմ` արտակարգ դրութեամբ լուծում գտնելու այս հարցին վերջին ժամկէտէն առաջ: Անգործութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ փոխառութիւններու տոկոսներու յաւելման եւ համաշխարհային շուկաներուն մէջ վստահութեան անկման ու աճի կշռոյթներու նուազեցման», ըսած է Համաշխարհային դրամատան ղեկավարը:
Ան նշած է, որ եթէ ժամկէտը անտեսուի, ապա ատիկա աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ զարգացող երկիրներու համար եւ հսկայական վնաս պիտի հասցնէ զարգացած երկիրներու տնտեսութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.