2013-10-15 09:52:45

Թարգմանչացը Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքին մէջ


Ժամանակը կը հասուննայ, մարդը կը ծնի: Այսպէս, 5-րդ դարուն Հայաստանի հողը բերրի էր, որուն համար հարկաւոր էին մշակներ, եւ այսպէս, դարերով սպասուած հրաշքը կատարուեցաւ: Ս. Մեսրոպ Մաշտոցն ու իր աշակերտները ստեղծեցին հայոց այբուբենը` անով իսկ երաշխաւորելով իրենց եւ հայ ժողովուրդին անմահութիւնը:
Ընկալեալ սովորութեանց համաձայն, շաբաթ, 12 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի Ս. Յովսէփ մատրան մէջ, սոյն միաբանութեան մեծաւոր` Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ` ի յիշատակ Թարգմանչաց երախտաւորներուն:
Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած թարգմանչաց տօնակատարութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժագ Քէշիշեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները եւ հակիրճ ձեւով ներկայացնելէ ետք Թարգմանչաց տօնին իմաստը, հայոց լեզուն երաժշտութեան նմանցնելով` եզրափակեց խօսքը «հայոց լեզուի իւրաքանչիւր հնչիւն նման է երաժշտական խազերու, որը կը խանդավառէ նոյնիսկ օտար ունկնդիրները, որով կարելի է ըսել, որ ան նոյնինքն երաժշտութիւն մըն է»: Ապա ժառանգաւորները հնչեցուցին «Ո՜վ մեծասքանչ դու լեզու»-ն: Օրուան բանախօս, դպրեվանքի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեան արտասանած իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ գիրերու գիւտին տուն տուող պատճառներուն. «Հանճարներ կան, որոնք իրենց հռչակուելով կը հռչակեն նաեւ իրենց ծննդավայրը, զոր մինչ այդ աննշան վայր մը եղած ըլլար, այդպէս է հայոց յենասիւններէն սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի պարագային, ան իր անմահանալովը` անմահացուց նաեւ իր ծննդավայր Տարօն գաւառի Հացեկաց գիւղը…»: Այնուհետեւ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն վարքագրութիւնը կատարեց «Ան իր քարոզչութիւններու ընթացքին, զոր կը միտէր, քրիստոնէական կրօնը առաւել ամրապնդել, նկատեց որ Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ ժողովուրդը տակաւին կը դաւանի հեթանոսական կրօնը, ինչպէս` Գողթն գաւառին մէջ, հիմնաւորելով, թէ անհասկնալի լեզուով է` ասորերէն եւ յունարէն, որ կը վանէ զիրենք եկեղեցիէն. եւ այսպէս, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մօտ կը ծագէր գիրերու գիւտի գաղափարը»:
Հայր սուրբը հայոց լեզուի արժեւորումը կատարելով` եզրափակեց խօսքը այսպէս. «Ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդը յաւուր պատշաճի մեծարած է Թարգմանչաց վարդապետներուն յիշատակը` անոնց նուիրելով շարականներ, եկեղեցւոյ սրբաքարեր քանդակած անոնց նկարներով եւ կտաւներով. տօնացոյցին մէջ յատկացուցած է օր մը, որ համազգային մակարդակով կը նշենք»:
Նորընծաներէն Յովիկ Գոյունեանը ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» ոտանաւորը: Իսկ Քրիստ Միքայէլը` «Մեսրոպ Մաշտոց» ասմունքը:
Դպրեվանքի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան օրուան խորհուրդին շուրջ իր պատգամը փոխանցեց` ըսելով. «Հայոց լեզուն մեր վահանն է, որով կրնանք պաշտպանուիլ համաշխարհայնացման գրոհին դէմ»: Ապա նոր սերունդը յորդորեց ամբիծ եւ անաղարտ պահել մեր պանծալի լեզուն: «Հայը ամէնուր հայ կը մնայ, եթէ պահէ իր ինքնութիւնը: Լիբանանը այն աւանդական գաղթօճախներէն է, որ տակաւին պահպանած է հայոց լեզուն, կենցաղն ու մշակոյթը, որով կը կերտուի մեր հոգետաճարը» ըսելով` տեսուչ հայրը եզրափակեց իր խօսքը եւ «Պահպանիչ»-ով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.