2013-10-15 09:52:53

Թարգմանչաց տօնակատարութիւն Մեսրոպեականները ուխտեցին տէր կանգնիլ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի Այբուբենին


Երկուշաբթի, 14 Ապրիլ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու եւ Մեսրոպեան վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց 8-րդ դասարանի աշակերտուհի Էւա Ղազարեան, որ նշեց, որ Թարգմանչաց տօնը լաւագոյն առիթն է շնորհակալական եւ երախտագիտական մեր զգացումները փոխանցելու հայ գիրերը ստեղծող, հայ գրչութեան եւ հայ դպրոցի հիմնադիր, հայոց լեզուի անդրանիկ ուսուցիչ, լուսաւորիչ ու քարոզիչ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին: Ղազարեան ըսաւ, որ Ս. Մեսրոպի անունը կրող Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները պէտք է հաստատ քայլերով հետեւին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ հայոց լեզուի պահապաններու ուղիին:
Գեղարուեստական յայտագիրի ա. բաժինով 3-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Սիլվա Կապուտիկեանի «Հայ Լեզու»ն, ապա հերթաբար 8-րդ դասարանէն Պէթի Սուլեան երգեց «Հայոց աշխարհ»ը, իսկ 6-րդ դասարանէն Լեթիսիա Հեքիմեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Հայ Լեզուն տունն է հայուն» ստեղծագործութիւնը:
4-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ կատարեցին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտին մասին կոկիկ ու գեղեցիկ թատերական ներկայացում մը, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան, որ ներկայացուց հայ գիրերուն կարեւորութիւնն ու ազգային եւ հոգեւոր արժէքը: Անդրադառնալով Ս. Մեսրոպ վրդ. Մաշտոցի տիպարին, Հայր Զահթէրեան շեշտեց, որ հոգեւորականը ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ ունեցաւ իր ուրոյն դերակատարութիւնը, երբ հայ ժողովուրդին նուիրեց հայոց այբուբենը: Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան նշեց, որ հայ աշակերտները պէտք է հետեւին Ս. Մեսրոպի ուղիին` պահպանելով հայոց լեզուն ու արժէքները:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ 2-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներու կողմէ Խաչիկ Դաշտենցի «Մեսրոպ Մաշտոցին» բանաստեղծութեան ներկայացումով, Ա. դասարանի աշակերտներուն կողմէ «Այբուբեն» երգի կատարումով, 5-րդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն» ստեղծագործութեան ասմունքով եւ 7-րդ դասարանէն Կասիա Ժինեանի կողմէ «Մեր այբուբենը» ասմունքով: Վերջին կատարումին հետ զուգահեռ ցուցադրուեցաւ այբուբենը խորհրդանշող տեսերիզ մը:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ հայութիւնը այն սակաւաթիւ ժողովուրդներէն է, որ ունի իր սեփական ու հարազատ այբուբենը, որ հպարտանքի ու պարծանքի առիթ է: Մեսրոպեանի տնօրէնը հաստատեց, որ հայոց այբուբենը գեղեցիկ է, եւ իւրաքանչիւր հայ աշակերտ պէտք է հաւատարիմ մնայ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կտակին: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս արժանավայել տօնակատարութեան յաջողութեան:
Նոյն օրը, վարժարանի մէջ գտնուող Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին շուրջ, մանկապարտէզի ծաղիկ դասարաններու աշակերտները իւրայատուկ ոճով տօնեցին Թարգմանչացը:Այբուբենի երգեցողութեան յաջորդեց հայոց լեզուի տառերով կազմուած եռագոյն փուչիկներու արձակման տպաւորիչ արարողութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.