2013-10-14 12:55:19

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի լիանիստ ժողովի մասնակիցներուն հետ հանդիպում։


Երկուշաբթի, 14 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն` Տիար Ուիլլիամ Լէյսի Սուինկ, անոր կողակիցը եւ անոնց ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։

Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 10,50 ընդունեց` Վատիկանի Մատենադարանի երբեմնի պատասխանատու` Կարտինալ Ռաֆայելէ Ֆարինայ որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց Իրանի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Լէօ Պոգգարտին, Իտալիոյ զինուորական բանակի երբեմնի մատրանապետ գերապայծառ` Վինչէնցօ Բելվի եւ Պրազիլի Գրադօ Թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ֆերնանտօ Բանիքօ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ժամը 12-ին, Գլեմենդինա Սրահին մէջ, ունկդրութիւն շնորհեց Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ ժողովի 50 մասնակիցներուն ու անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց Հաւատոյ Տարուայ առընչութեամբ Նոր աւետարանութեան խորհուրդի գործունէութեան ու ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք նիւթերու շուրջ. Վկայութեան առաջնութիւնը, Ուրիշի ընդառաջելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, եւ հովուական ծրագիրի մը պահանջը` կեդրոնացած հիմնականին վրայ։
Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ներկայ ժամանակաշրջանի Հաւատքի հանդէպ անտարբերութեան ընգծելով թէ վերաւետարանութիւն կը նշանակէ մեր ժամանակակիցներու սրտին ու մտքին մէջ վերակենդանացնել հաւատքի կեանքը։ Հաւատքը Աստուծոյ շնորհած պարգեւ մըն է սակայն կարեւոր է որ քրիստոնեաներս ցոյց տանք հաւատքի ապրումը, սիրոյ, համերաշխութեան, ուրախութեան եւ տառապանքի միջոցաւ։ Այսօր պահանջը կայ հաւատալի վկաներու որոնք իրենց կեանքով ու խօսքով տեսանելի կը դարձնեն Աւետարանը։
Շատ մարդիկ հեռացած են Եկեղեցիէն - յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ ''այս ուղղութեամբ կայ` Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ եկեղեցականներու պատասխանատուութիւն մը'' ու յորդորեց ''որպէս եկեղեցւոյ զաւակներ պէտք ենք շարունակել Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի ուղեւորութիւնը` մերկանալով անիմաստ ու վնասակար բաներէ, աշխարհիկ կեղծ ապահովութիւններէ որ կը ծանրակշռեն Եկեղեցին ու անոր իսկական դիմագիծը կը վնասեն։
Կարիքը կայ Աստուծոյ ողորմութիւնը տեսանելի դարձնող Քրիստոնեաներու` որ ցոյց կու տան Աստուծոյ քնքշութիւնը ամէն մէկ արարածի հանդէպ։ Ամէն մէկ մկրտեալ ''Քրիստափոր'' մըն է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ ''այն որ Քրիստոսի կը հանդիպի չի կրնար ինքնիրեն պահել այդ փորձառութիւնը այլ կարիքը կը զգայ զայն բաժնեկցելու ուրիշներուն հետ։

Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկե' երկրորդ նիւթին` հանդիպումը. ուրիշներուն ընդառաջել։ Նոր աւետարանութիւնը - ըսաւ Ան - նորոգուած շարժում մըն է բոլոր անոնց հանդէպ որ հաւատքը կորսնցուցած են։ Ամէն մէկ քրիստոնեայ կանչուած է ընդառաջելու ուրիշներուն, երկխօսելու անոնց հետ որ մեզի պէս կը մտածեն, անոնց հետ որ ուրիշ հաւատք ունին եւ անոնց հետ որ հաւատք չ՛ունին։ Այս ամէնքը միաւորողը Աստուծոյ նմանութեան ու պատկերին համաձայն ստեղծուած ըլլալն է։
Ոչ մէկը զրկուած է կեանքի յոյսէն եւ Աստուծոյ սէրէն եւ Եկեղեցին կանչուած է ամենուրէք սերմանելու այս յոյսը յատկապէս այնտեղ ուր յոյսը ոտնակոխուած է կենսական դժուար պայմաններու բերին տակ, երբեմն անմարդկային....Եկեղեցին այն տունն է - շարունկաեց Քահանայապետը - որուն դռները միշտ բաց են, ոչ թէ միայն անոնց համար որ կ՛ուզեն մտնել ու շնչել սէր եւ յոյս, այլ նաեւ մեզի համար, որպէսզի կարենանք դուրս գալ եւ այդ սէրն ու յոյսը տանիլ մարդկային արուարձաններուն, Սուրբ Հոգիին ներգոծութեամբ։
Այս բոլորը սակայն պէտք ունին յանձնառումի` Հովուական ծրագիրի մը որ կեդրոնացած ըլլայ էականին վրայ, այսինքն Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ Եւ Էականը Քրիստոսի հետ հանդիպումն է, անոր ողորմութեան ու սիրոյ հետ` սիրել մեր եղբայրակիցները ինչպէս Ինք սիրեց մեզ։
Այս առընչութեամբ ձեր ուշադրութեան կը հրաւիրեմ ''քրիստոնէականի'' կարեւորութիւնը որպէս նոր աւետարանութեան կարեւոր պահ մը եւ այս ուղղութեամբ ծնողները ըլլալու են առաջին կրօնուսոյցները, հաւատքի առաջին դաստիարակները իրենց ընտանեկան կեանքի վկայութեամբ։
Շնորհակալութիւն այս այցելութեան համար - ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - Տէրը օրհնէ ձեզ եւ Տիրամայրը ձեզի կանգնի պահապան







All the contents on this site are copyrighted ©.