2013-10-14 13:00:06

Նոր Աւետարանութեան նիւթին շուրջ միջազգային գիտաժողով Մանիլայի մէջ։


16- 18 Հոկտեմբեր 2013 Փիլիպեան կղզեախումբի մայրաքաղաք` Մանիլայի մէջ, Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս, տեղի կ՛ունենայ Նոր Աւետարանութեան նիւթին շուրջ միջազգային գիտաժողով մը ։
Մանիլիայի առաջնորդ` կարտինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, Ասիայի եկեղեցւոյ, այս առթիւ, ուղղած իր հրաւէրին մէջ, ընդգծած է թէ Փիլիպեան եկեղեցին առաջնակարգ միսիոնարական դեր մը ունեցած է ասիական ցամաքամասին մէջ։
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը արդէն հաստատած են Թայուանի, Վիէթնամի, Միանմարի ու Պրունէի եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները։
Գիտաժողովը կ'եզրափակուի հանդիսաւոր պատարագով որուն պիտի յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը, մայրաքաղաքի ճամբաներու վրայ։ ֆրանչիսկոս Քահաայպետը այս առթիւ յատուկ պատգամ մը պիտի ուղարկէ ժողովականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.