2013-10-14 14:48:14

«Հատուցումը պէտք է դառնայ ազգային պահանջատիրութեան կիզակէտը»Կ՝ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը


Իր պատգամը ուղղելով Եւրոպայի Հայ համայնքներու
կազմակերպած Գ. համագումարին, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց
հատուցման առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը` Հայ
ժողովուրդի ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ: Վեհափառ
Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Տասնամեակներ շարունակ հսկայ
դրամագլուխ, մարդոյժ ու ժամանակ տրամադրեցինք Ցեղասպանութեան
ճանաչման: Այս ծիրէն ներս եզակի նուաճումներ արձանագրեցինք, կարեւոր
հանգրուաններէ անցանք, անհրաժաշտ է որ շարունակենք մեր աշխատանքը
այս ուղղութեամμ: Սակայն ժամանակը հասած է, որ առաջնահերթութիւն տանք
հատուցման, որովհետեւ ճանաչում ու հատուցում իրարու հետ սերտօրէն
ընդելուզուած են: ճանաչումը ինքնանպատակ չէ, անոր յաջորդող հանգրուանը
հատուցումն է»:
Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Ցեղասպանութեան` ըսաւ.
«Ցեղասպան թուրքը եւ աշխարհաքաղաքական շահերով իրեն նեցուկ
կանգնող երկիրները օր մը պիտի անդրադառնան, որ կարելի չէ պատմութիւնը
ուրանալ, պատմական դէպքերը եղծել: Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական
անժխտելի իրողութիւն մըն է: Հայ թէ օտար պատմագէտներ ու
ցեղասպանագէտներ պատմական տուեալներու լոյսին տակ փաստած են
Հայոց Ցեղապանութեան իրողութիւնը»:
Անդրադառնալով հատուցման հարցին Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց.-
«1)Հատուցման հարցը պէտք է հետապնդուի միջազգային օրէնքի շրջագիծէն
ներս: Ա՛յս էր Անթիլիասի Մայրավաքին մէջ երկու տարիներ առաջ տեղի
ունեցած միջազգային համագումարին նպատակը: 2) Երբ հատուցման ու
միջազգային օրէնքի մասին կը խօսինք, անհրաժեշտ է հեռու մնալ զգացական
ու ենթակայական մօտեցումներէ եւ միջազգային օրէնքի տուեալներուն,
բառապաշարներուն ու սահմանումներուն ճամբով մօտենալ հատուցման»:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց մեր ազգային
պահանջատիրութիւնը միասնական ուժերով միջազգային համայնքին
ներկայացնելու հրամայականը: Ան ըսաւ. «Բնականաբար Հայաստանի ու
Սփիւռքի մօտեցումներուն մէջ տարբերութիւն պէտք է ըլլայ, սակայն այդ
տարբերութիւնը պէտք է դառնայ ներդաշնակ ու միաժամանակ համահունջ մեր
ազգային գերագոյն շահերուն»:
Ողջունելով Ցեղապանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Հայաստանի
Հանրապետութեան նախաձեռնութեամμ հաստատուած համազգային
յանձնախումμի աշխատանքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մեր սպասումն է
որ սոսկ ձեռնարկներ կազմակերպող ու համադրող յանձնախումբ չդառնայ ան,
այլ պէտք է մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքին ու պահանջատիրութեան
թարգմանը հանդիսանայ յաչս ցեղասպանին ու միջազգային համայնքին»: Իր
խօսքի աւարտին Նորին Սրμութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց մեր
ժողովուրդի μռնաբարուած իրաւունքներուն համար աշխատող բոլոր
հայորդիներուն ու մարմիններուն, յիշեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութիւնը որպէս թարգմանը իր ժողովուրդի պահանջատիրութեան,
պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայ ժողովուրդի արդար դատին:







All the contents on this site are copyrighted ©.