2013-10-13 12:34:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 'Մարեմեան օրերու'' եզրափակիչ սուրբ պատարագը։


Կիրակի, 13 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատոյց` Մարեմեան օրերու առթիւ կազմակերպուած սուրբ պատարագը, տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Վերոյիշեալ օրերը կազմակերպուած էին ''Հաւատոյ Տարուայ'' ծիրէն ներս, Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, զուգադիպութեամբ Ֆաթիմայի Տիրամօր վերջին երեւումի տարեդարձին` 13 հոկտեմբեր 1917 ։ Այս առթիւ Ֆաթիմայի Տիրամօր բնօրինակ արձանը փոխադրուած էր Սուրբ Պետրոսի հրապարակ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ` Այսօր կը գտնուինք Աստուծոյ սքանչելիքներէն մէկուն դիմաց` Մարիամը։ Մեզի նման հեզ ու խոնարհ արարած մը, ընտրուած ըլլալու Աստուծոյ Մայրը, Մայրը իր արարիչին։ Մարիամին նայելով - ըսաւ Սրբազան Հայրը - խորհրդածութիւնս կ՛ուզեմ կեդրոնացնել երեք իրողութիւններու վրայ. Աստուած մեզ կը զարմացնէ, Աստուած մեզմէ կը խնդրէ ըլլալ հաւատատրիմ եւ Աստուած մեր ուժն է։

Աստուած մեզ կը զարմացնէ եւ աղքատութեան մէջ, տկարութեան մէջ, խոնարհութեան մէջ է որ մեզի կը շնորհէ իր փրկարար սէրը, մեզ կը բուժէ եւ ուժ կու տայ ու մեզմէ միայն կը խնդրէ հետեւիլ իրեն Խօսքին եւ իրեն վստահիլ։ Այս եղաւ Մարիամի փորձառութիւնը։Հրեշտակի աւետումին առջեւ, ինք որ նազարեթի պարզ աղջնակ մըն էր, գիտցաւ վստահիլ Աստուծոյ ` ''Տիրոջ աղախինն եմ ես, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն''։

Աստուած մեզ կը զարմացնէ սակայն մեզմէ կը խնդրէ իրեն հետեւելու հաւատարմութիւնը։ Մտաբերենք քանի անգամ խանդավառ կերպով մօտեցանք ծրագիրներու կամ որոշումներու ու ապա առաջին դժուարութեան առջեւ յուսալքուած մեր միտքը փոխեցինք։ Յաճախ դիւրին է ''այո'' ըսել սակայն կարող չենք այդ այո-ն ամէն օր կրկնել։ Մարիամ իր այո-ն ըսաւ Աստուծոյ։ Այո մը որ իր կեանքը յեղափոխեց։ Այդ այո-ն սակայն չ՛եղաւ միակը, այլ եղաւ պարզապէս առաջինը ուրիշ շատ մը այոներու որ ինք արտասանեց իր սրտին մէջ, ուրախութեան եւ տառապանքի պահերուն, մինչեւ Խաչին տակ արտասանած այո-ն։
Աստուած մեզմէ կը խնդրէ հաւատարմութիւն, ամէն օր, եւ նոյնիսկ եթէ հաւատարիմ չենք Անոր ինք հաւատարիմ կը մնայ մեզի եւ իր ողորմութեամբ երբե՛ք չի հոգնիր մեզի ձեռք երկարելու, ու մեզի քաջալերելու վերստին սկսելու մեր ճանապարհորդութիւնը եւ իրեն դառնալու ու անոր յայտնելու մեր տկարութիւնը՝ խնդրելով որ մեզի ուժ պարգեւէ։ Աստուած մեր ուժն է - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Նայինք Մարիամին, աւետումէն ետք անոր առաջին մտահոգութիւնը եղաւ երթալ իր ծերունի ազգական` Եղիսաբեթի մօտ, եւ առաջին բառերը եղան ''Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր''։ Մեծացուսցէն, փառափանութեան եւ գոհաբանական տաղ մըն է` Աստուծոյ նուիրուած, Անոր ներգործութեան, փրկութեան համայն պատմութեան մէջ։ Ամէն բան Աստուծոյ պարգեւ է, Ան է մեր ուժը։
Շարունակելով սուրբ զոհի արարողութիւնը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտելով քարոզը - հայցենք Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ Աստուծոյ անակնկալները ընդունելու, առանց դիմադրութեան ու հաւատարիմ ըլլալու Անոր, ամէն օր, եւ փառափանելու զայն ու գոհութիւն յայտնելու Անոր՝ որվհետեւ Ինքն է մեր ուժը։ Ամէն։


Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանին առջեւ ''Տիրամօր յանձնումի աղօթք'' մը արտասանեց որուն մէջ նորոգեց Տիրամօր նուիրագործութիւնը, խնդրելով որ իր բազուկներուն մէջ պահպանէ մեր կեանքը, վերակենդանացնէ եւ սնուցէ մեր հաւատքը, նեցուկ ըլլայ եւ լուսաւորէ յոյսը, յառաջացնէ սէրը եւ մեզ ամէնքս առաջնորդէ սրբութեան ճանապարհով։

Տիրամօր յանձնումի աղօթքի աւարտին, Սրբազան Հայրը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ վերյիշեց Դերրակոնայի մէջ տեղի ունեցող 522 նահատակներու երանացման արարողութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն ու յատուկէն ողջունեց մանուկներու եւ երիտասարդներու խումբ մը, հուսկ հրաւիրեց հաւատացեալները միասնաբար աղօթելու Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.