2013-10-13 12:19:39

''Թող Մարիամ մեզի սորվեցնէ ընթանալ հաւատքի ուրախութեան ուղիով'' - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կատարած իր խորհրդածութեան մէջ։


Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս, 12 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նախագահեց Մարեմեան օրերու առթիւ կազմակերպուած Մարեմեան աղօթքը, Ֆաթիմայի Տիրամօր բնօրինակ արձանի ներկայութեամբ որ Նորին Սրբութիւնը որակեց ''Մարիամի ներկայութիւնը մեր մէջ'' աւելցնելով թէ ''Մարիամը մեզ Յիսուսին կը տանի''։

Խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեամբ Մարեմեան աղօթքի երեկոն սկիզբ առաւ Ֆաթիմայի արձանի թափօրով որ մուտք գործեց սուրբ Պետրոսի հրապարակ ու շրջան ընելով կանգ առաւ ճիշդ այնտեղ ուր` 1981-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ մահափորձի ենթարկուեցաւ, հուսկ թափօրը շարունակեց իր ընթացքը մինչեւ կեդրոնական խորան։

Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց այն հարցումին թէ ''ի՞նչպիսի հաւատք ունեցաւ Մարիամ''։ Մարիամ Հաւատքի կին է ` իսկական հաւատացեալ- ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ու ակնարկեց Մարիամի հաւատքի երեք տարրերու։
Առաջինը ''Մարիամ մեղքի հանգոյցը կը քակէ''։ Մարիամ ''Այո''- ն մեզի բացաւ դէպի Աստուած առաջնորդող դուռը եւ մարդու անհնազանդութեան մեղքը փարատեց։ Մարիամի հաւատքը ''մարմին կու տայ Յիսուսին'' եւ այն ինչ որ պատահեցաւ Մարիամին մեզի ալ կը պատահի այսօր` հոգեւոր գետնի վրայ, երբ մաքուր եւ անկեղծ սրտով կ՛ընդունինք Աստուծոյ խօսքը եւ զայն կ՛իրագործենք։ Յիսուսի հաւատալ կը նշանակէ Անոր տալ նուիրել մեր էութիւնը, Մարիամու խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ, որպէսզի Ինք շարունակէ բնակիլ մարդոց միջեւ։ Կը նշանակէ Անոր տալ մեր ձեռքերը որպէսզի կարենայ մանուկներն ու աղքատները շոյել։ Մեր ոտքերը որպէսզի ընդառաջեն մեր եղբայրներուն, մեր բազուկները որ նեցուկ ըլլան տկարին, մեր միտքը որպէսզի Աւետարանի լոյսին տակ նորանոր ծրագիրներ մշակեն ու կը նշանակաէ յատկապէս Անոր նուիրել մեր սիրտը որպէսզի սիրէ եւ որոշումներ առնէ Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Եւ այս բոլորը կարելի են Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։ Այսպէսով մենք կը դառնանք Աստուծոյ գործիքներ որպէսզի Յիսուս մեր միջոցաւ գործէ։
Նորին Սրութիւնը ապա յարեց՝ Մարիամի հաւատքը է նաեւ ''ուղեւորութիւն'', հետեւողութիւն, այնպէս ինչպէս Ինք ըրաւ իր Որդւոյն հետ, ունկնդրելով զայն եւ հետեւելով Անոր խօսքին, եւ ապրելով Մարիամի նոյն զգացումները` խոնարհութիւն, ողորմածութիւն, մօտիկութիւն ու միաժամանակ հաստատ մերժում` կեղծաւորութեան, երկերեսութեան եւ կռապաշտութեան։
Յիսուսի ուղեւորութիւնը հաւատարիմ սիրոյ ճանապարհ է, մինչեւ կեանքի նուիրումը, խաչի ճանապարհ։ Ասոր համար հաւատքի ճանապարհորդութիւնը կ՛անցնի Խաչէն եւ Մարիամ այս մէկը հասկցաւ սկզբանէ։ Անոր հաւատքի բոցը վառ մնաց, նոյնիսկ գիշերուայ ընթացքին. Յիսուսի չարչարանքներու ատեն, մինչեւ Յարութեան արեւածագին։ Եւ երբ ան իմացաւ թէ գերեզմանը թափուր էր, անոր սիրտը հաւատքի ուրախութեամբ լեցուեցաւ, որովհետեւ հաւատքը մեզի ուրախութեան կը տանի եւ Ինք ուրախութեան Մայրն է։ Թող Մարիամ մեզի սորվեցնէ ընթանալ այդ ճանապարհով, յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ապա ակնարկը տանելով Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանին ըսաւ`. Մայր՝ այս երեկոյ քեզի շնորհակալ ենք, քու զօրաւոր եւ խոնարհ տիկնոջ հաւատքիդ համար, եւ կը նորոգենք մեր յանձնումը քեզի` հաւատքի մեր Մայրը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.