2013-10-13 12:34:20

522 Սպանացի նահատակներու երանացման արարողութիւնը


Կիրակի, 13 հոկտեմբերին, Սպանիոյ Դառակոնա կոչուած քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ 522 նահաատակներու երանացման արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօյին՝ նախագահը Սուրբերու դատի ժողովին։
՝՝Բոլորին կը ներեմ՝՝ այս եղաւ հայր Խօսէ Նատալիին վերջին նամակին պարունակութիւնը որ ուղարկեց իր ծնողքին, նահատակութենէն պահ մը առաջ։Արդարեւ ան 12 օգոստոս 1936 ին, 25 տարեկանին գնդակահարուեցաւ։
Հայր Խօսէ մաս կը կազմէ 522 սպանացի նահատակներու ցանկին որ 13 հոկտեմբերին Տիեզերկան Եկեղեցին երանելի կը հռչակէ։
Գերապայծառ Մարդինէզ Քամինօ` ընդհանուր քարտուղար եւ բանբեր Սպանացի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, մատնանշեց թէ 20-րդ դարու սպանացի նահատակները, մեծ քաջութեամբ հաւատքի վկայութիւն տուին։Անոնք զոհուեցան կրօնական հալածանքներու հետեւանքով որ տեղի ունեցան 1930 թուականին Սպանիայի մէջ, իրենց հաւատքը ապրելով մինչեւ մահ, ներելով բոլորին։
Նշենք, թէ 522 սպանացի նահատակներուն մեծ մասը կղերականներ են` անոնց շարքին են հարիւր քահանաներ, երեք եպիսկոպոս, 23 նուիրապետութիւններու անդամ 412 կղերականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.