2013-10-12 12:42:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնն ու պաշտօնական հանդիպումները։


Շաբաթ, 12 հոկտմբեր 2013-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Տիար Գարլոս Ավիլա Մոլինան`Հոնտուրասի նոր անուանուած դեսպանը` հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը, հուսկ ժամը 12,15-ին, Գլեմենդինա սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետի '' Mulieris Dignitatem'' շրջաբերական թուղթի հրատարակման 25-րդ տարեդարձի առթիւ, Աշխարահականներու Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած ուսումնաժողովի 150 մասնակիցներուն։
Իսկ յետ միջօրէի ժամը 5-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, Սրբազան Հայրը կը նախագահէ Մարեմեան Օրերու առթիւ կազմակերպուած Մարեմեան աղօթքի հսկումի արարողութիւնը

'' Mulieris Dignitatem'' շրջաբերական թուղթի հրատարակման 25-րդ տարեդարձի առթիւ, կազմակերպուած ուսումնաժողովի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ներկաներուն անդրադարձաւ իր նախորդին` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, վերոյիշեալ շրջաբերական թուղթի կարեւորութեան ու անոր իմաստին որով ''Աստուած մարդ արարածը յատուկօրէն կը յանձնէ կնոջ''։
Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ այս ''յատուկ յանձնումը'' կնոջ` անոր ''մայրութեան'' մէջ կը կայանայ։ Կինն է որ ծնունդ կու տայ եւ իր արգանդին մէջ կը կրէ մարդոց որդիները։ Աստուած կինը կոչելով մայրութեան` յատուկօրէն անոր յանձնեց մարդ էակը։ ''Mulieris Dignitatem'' շրջաբերական թուղթը ուսումնասիրուած խորհրդածութիւն մը կը ներկայացնէ կնոջ ու անոր դերին մասին - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - հարց տալով թէ. ի՞նչ դեր ունի կինը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ ի՞նչպէս կրնայ աւելիով արժեւորուիլ։ Ւրողութիւն մը որ սրտիս շատ կը խօսի - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու ապա խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու հայցելով որ ''Ամենասուրբ Մարիամ, Մայր Յիսուսի եւ Աստուծոյ բոլոր որդիներուն, առաջնորդէ բոլորին քայլերը։''







All the contents on this site are copyrighted ©.