2013-10-12 09:36:01

Հանրապետականներուն հետ Օպամայի բանակցութիւնները ձախողած են


Սպիտակ տունը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 90 վայրկեան տեւողութեամբ խորհրդակցութիւն ունեցած է հանրապետական քոնկրեսականներու հետ` քննարկելու համար պետական հաստատութիւններու ֆինանսաւորման վերականգնման ու պետական պարտքի սահմանագիծի փոփոխման առնչուող հարցեր, սակայն խորհրդակցութիւնը արդիւնք չէ տուած:
Քոնկրեսականները առաջարկած են մինչեւ 22 նոյեմբեր ելեւմուտքի նախարարութեան արտօնել պարտք առնել եւ այդ ընթացքին բանակցութիւններ կատարել պիւտճէի բացի կրճատման ու տուրքերու վերանայման վերաբերեալ:
Թէեւ Օպամա մերժած է այս առաջարկը, սակայն, ըստ լրատուամիջոցներու, հանրապետականներու նախագիծը իրականութեան մէջ լուրջ յառաջընթաց է, որովհետեւ կարելիութիւն կու տայ ապագայ համաձայնութեան վերաբերեալ բանակցութիւններու վերսկսելու:
«Նիւ Եորք Թայմզ» կը նշէ, որ նախագահը մերժած է, որովհետեւ հանրապետականներու առաջարկը պետական հաստատութիւններու ֆինանսաւորման վերականգնում չէր նախատեսեր:
Յիշեցնենք, որ հոկտեմբեր 1-ին դադրեցուած է Միացեալ Նահանգներու պետական հաստատութիւններու ֆինանսաւորումը, որովհետեւ քոնկրեսականները չեն կրցած պիւտճէի օրէնքի քննարկումներուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացնել:
Ըստ «Պլումպըրկ»-ի վերլուծաբաններուն, եթէ Օպաման ու հանրապետականները համաձայնութիւն չկայացնեն, ապա աշխարհին դարձեալ տնտեսական ճգնաժամ կը սպառնայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.