2013-10-12 09:36:08

«Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները միջազգային չափանիշերուն չեն համապատասխաներ» կ՛ըսէ Ուաշինկթըն


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կ՛ենթադրեն, որ Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները չեն համապատասխանած միջազգային չափանիշերուն:
«Ընտրութիւնները չեն համապատասխանած միջազգային չափանիշերուն», ըսած է Հարֆ:
Ան նշած է, որ ընտրութիւններուն ընթացքին քուէատուփերը կեղծ քուէներով ողողուած են, իսկ ձայներու հաշուարկը խախտումներով կատարուած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.