2013-10-11 11:41:03

Սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը դամասկոսի օդակայանէն թռիչքներ կը կատարէ


Ռուսիոյ մէջ սուրիական օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչ Նատիա Աւատ նախանցեալ օր հաղորդեց, որ «Սուրիական օդանաւային ընկերութիւնները» ներքին եւ միջազգային օրական թռիչքներ կ՛իրականացնեն, իսկ երկրին օդակայանները կ՛աշխատին բնականոն դրութեամբ:
Վկայակոչելով ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ կայքէջը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ «Սուրիական օդանաւային ընկերութիւնները» ամէն օր կը կատարեն Դամասկոս-Լաթաքիա, Դամասկոս-Գամիշլի թռիչքներ: Թռիչքներ կը կատարուին նաեւ դէպի Մոսկուա, Գահիրէ, Ապու Տապի, Պաղտատ, Պէյրութ, Ալճերիա, Ամման, Թեհրան, Քուէյթ եւ այլ երկիրներ:
Սեպտեմբերի աւարտին սուրիական բանակը յաջողեցաւ ճամբան բանալ դէպի Դամասկոսի միջազգային օդակայանը, որ աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր ահաբեկչական «Ժապհաթ ալ նասրա» խմբաւորման գրաւման տակ էր: Խմբաւորման անդամները կը կրակէին այդ ճամբով անցնող փոխադրամիջոցներուն ուղղութեամբ







All the contents on this site are copyrighted ©.