2013-10-10 10:33:31

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի բարենորոգումները կը սկսին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի բարեփոխումով` յայտնած է Կարտինալ Մարատիական։


Ս. Աթոռի կառավարութեան բարենորոգումը սկիզբ կ'առնէ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի բարեփոխումով ըսաւ կարտինալ Մարատիակա` համադրողը` կարտինալական ութեակ խորհուրդին, որուն պարտականութիւնն է օգնել Սրբազան Քահանայապետին Եկեղեցւոյ կառավարման։
Կարտինալներու խորհուրդի առաջին հանդիպման աւարտին 1-3 հոկտեմբեր 2013, Հոնտուրասի կարտինալը, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կարգ մը լուսաբանութիւններ տուաւ այդ ուղղութեամբ։ Ան ըսաւ որ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի կազմի վերատեսութենէն ետք պիտի քննակուին Պետական Քարտուղարութեան եւ նախարարութիւններու դերն ու գործունէութիւնը։ Կարտինալը մասնաւորապէս խօսեցաւ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին մասին։ Անիկա ստեղծուած էր 48 տարիներ առաջ Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ որպէս անմիջական պտուղը վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովին։ Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութիւնը, կազմուած 15 կարտինալներէ ու եպիսկոպոսներէ, տարին երկու անգամ կը ժողովի։ ֆրանչիսկոս Քահանապետը մտադիր է այս կառոյցը բարեփոխել ու դարձնել մշտական խորհրդակցական մարմին մը։ Անցեալ 7 հոկտեմբերին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աթոռը ու երկու ժամուայ խօսակցութիւն ունեցաւ անոր անդամներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.