2013-10-10 12:58:28

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական հանդիպումները։


Հինգշաբթի, 10 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Խրուաթիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Իվօ Եոզիբովիչ որ Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին, հանդիպեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարին հետ։

Ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը ըդունեց Միացեալ Նահանգներու առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Գարլօ Մարիա Վիկանօն ու ապա Նոր Զէլանտի եւ այլ կղզիներու մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Մարդին Գրէպս, հուսկ գերապայծառ Թիթօ Սոլարին` Պոլիվիայի Գոգապամպայ Թեմի Արքեպիսկոպոսը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ժամը 12-ին առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց ''Գոլոմպոյի ասպետներու'' աւագ ասպետ` Փրոֆ. Գարլ Անտէրսընի, որմէ ետք, Գլեմենդինայ սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ըդնունեց ''Գոլոմպոյի ասպետներու'' մէկ պատուիրակութիւնը եւ անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց` անոնց Եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութեան եւ բարեգործական սատարին, ինչպէս նաեւ անոնց աղօթքներուն եւ ժողովրդապետութիւններու մէջ մատուցած ծառայութիւններուն համար։
''Աղօթքը, հաւատքը վկայելու յանձնառումը եւ կարիքաւորներու հանդէպ ուշադրութիւնը ըլլան ձեր անձնական եւ ընկերային գործունէութեան հիմերը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու քաջալերեց զանոնք շարունակել իրենց առաքելութիւնը։ Արդ ակնարկելով Հաւատոյ Տարուայ աւարտին հայցեց Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութիւնը ու ապա ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.