2013-10-09 09:12:33

Ըստ «Էլ Փայիս»-ի. վերջին ամիսներուն աշխարհը փոխած վեց նորութիւններ:


Սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթը փորձած է յստակացնել, թէ Երկիր մոլորակին վրայ ի՛նչ հետաքրքրական բաներ տեղի ունեցած են յուլիս ամսուընէ սկսեալ. կը նշուին վեց նորութիւններ, որոնք, օրաթերթին կարծիքով, աշխարհի վրայ շատ բան փոխած են:
1.- Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի գործածութիւնը
Յատկանշական է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա չկրցաւ միջամտել, փոխարէնը այդ մէկը ըրաւ Փութինը:
2.- Փութինի վերածնունդը
Նախապէս Փութինի միջազգային հեղինակութիւնը կը տկարանար: Սակայն Սուրիոյ շուրջ ծաւալող դէպքերը Փութինի համար կարելիութիւն ստեղծեցին, իսկ ան կարողացաւ օգտուիլ անկէ: Ըստ հեղինակին, Փութին «արիւնարբու վարչակարգը պաշտպանող բռնատէրէն» փոխակերպուեցաւ պատերազմը կանխարգիլող ղեկավարի:
3.- Մուրսիի հեռանալը
Հեղինակը կը նշէ, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ դիւրին է իշխանութեան հասնիլ, սակայն դժուար է զայն պահելը, իսկ կորսնցնելը աւելի դիւրին է:
4.- Ռուհանիի յայտնուիլը
Հեղինակը Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի իրանեան նախագահական ընտրութեան արձանագրած յաղթանակը եւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ «ձիւնհալը» կը բացատրէ այն բանով, որ միջազգային պատժամիջոցները ազդած են իրանցիներուն վրայ:
5.- Ամերիկեան «Թէյի» շարժումի հզօրութիւնը
«Թէյի» կուսակցութիւնը փաստացիօրէն կանգնեցուցած է Միացեալ Նահանգներու աշխատանքները, ինչ որ համաշխարհային նոր ճգնաժամի կրնայ յանգեցնել:
6.- Քարիւղի եւ կազի արտահանման մէջ Միացեալ Նահանգներու աշխարհի մէջ առաջին դիրքը գրաւելու իրողութիւնը: «Ասիկա պիտի փոխէ աշխարհը», կը գրէ հեղինակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.