2013-10-09 09:16:59

Աշխարհի լաւագոյն աշխատաւորական ուժ ունեցող տասը երկիրները:


«Պիզնես Ինսայտըր» կը գրէ, որ որեւէ երկրի մարդկային դրամագլուխը` աշխատակիցներու տաղանդն ու արդիւնաւէտ աշխատանքը, կարեւորագոյն գործօններէն մէկն է երկրի տնտեսական զարգացման:
Ներկայացնելով աշխարհի երկիրներու վարկանիշային ցուցակը, ըստ աշխատաւորական ուժի արդիւնաւէտութեան, Համաշխարհային տնտեսական համախմբումը կը պնդէ, որ ազգի մը աշխատաւորական ուժի կենսունակութիւնը առաւել կարեւոր որոշիչ հանգամանք է երկարատեւ տնտեսական զարգացման համար:
Վարկանիշային գնահատականը հիմնուած է չորս գործօններու վրայ` կրթութիւն, առողջապահութիւն, աշխատաւորական ուժ եւ բարենպաստ միջավայր: Աշխատաւորական ուժը իր հերթին գնահատուած է քանի մը տուեալներով` տաղանդ, փորձառութիւն եւ գիտելիք: Ըստ այնմ, լաւագոյն աշխատաւորական ուժ ունեցող տասը երկիրներու վարկանշային աղիւսակը հետեւեալն է.
1.- Զուիցերիա
Զուիցերիա չորրորդ երկիրն է կրթութեան մակարդակով, առաջինը` առողջապահութեան եւ աշխատաւորական ուժի, իսկ երկրորդը` բարենպաստ միջավայրով:
2.- Ֆինլանտա
Այս երկիրը առաջինն է կրթութեան մակարդակով, 9-րդը` առողջապահութեան, երրորդը` աշխատաւորական ուժի եւ առաջինը` բարենպաստ միջավայրով: Ֆինլանտան ունի հիանալի ենթակառուցուածքային համակարգ եւ հմուտ աշխատաւորներ:
3.- Սինկափուր
Սինկափուրը երրորդն է կրթութեան մակարդակով, 13-ը` առողջապահութեան, երկրորդը` աշխատաւորական ուժի եւ հինգերորդը` բարենպաստ միջավայրով: Սինկափուրի կրթական բաւական խիստ համակարգը կը նպաստէ ուժեղ եւ մրցունակ աշխատաւորական ուժի ձեւաւորման:
4.- Հոլանտա
Այս երկիրը 7-րդն է կրթութեան մակարդակով, 4-րդը` առողջապահութեան, 8-րդը` աշխատաւորական ուժի, 4-րդը` բարենպաստ միջավայրով: Հոլանտան յայտնի է իր առաջնակարգ առողջապահական համակարգով, կրթութեամբ եւ ենթակառոյցներով:
5.- Շուէտ
Շուէտը 14-րդն է կրթութեան մակարդակով, 2-րդը` առողջապահութեան, 6-րդը` աշխատաւորական ուժի, 10-րդը` բարենպաստ միջավայրով:
6.- Գերմանիա
Գերմանիան 19-րդն է կրթութեան մակարդակով, 8-րդը` առողջապահութեան, 9-րդը` աշխատաւորական ուժի, 3-րդը` բարենպաստ միջավայրով: Գերմանիան` իր ենթակառոյցներու համակարգին եւ աշխատաւորական ուժին շնորհիւ աւելի դիւրին տոկաց Եւրոպական Միութեան տնտեսական ճգնաժամին, քան որեւէ այլ երկիր:
7.- Նորվեկիա
Նորվեկիան 15-րդն է կրթութեան մակարդակով, 6-րդը` առողջապահութեան, 5-րդը` աշխատաւորական ուժի, 8-րդը` բարենպաստ միջավայրով:
8.- Բրիտանիա
Բրիտանիան 10-րդն է կրթութեան մակարդակով, 17-րդը` առողջապահութեան, 10-րդը` աշխատաւորական ուժի, 7-րդը` բարենպաստ միջավայրով:
9.- Դանիա
Դանիան 18-րդն է կրթութեան մակարդակով, 3-րդը` առողջապահութեան, 12-րդը` աշխատաւորական ուժի, 11-րդը` բարենպաստ միջավայրով: Դանիոյ հիմնական ուժեղ կողմը իր առողջապահական համակարգն է: Այնտեղ ապրող մարդիկ ամէնէն նուազ հիւանդանալու վարկանիշով երկրորդ դիրքը կը գրաւեն:
10.-Քանատա
Քանատան 2-րդն է կրթութեան մակարդակով, 20-րդը առողջապահութեան, 15-րդը` աշխատաւորական ուժի, 17-րդը` բարենպաստ միջավայրով: Քանատան Ֆինլանտայէն ետք երկրորդն է կրթութեան մակարդակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.