2013-10-08 13:06:49

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կը Հրաւիրէ ''Մեր Դռները Բանալ Յիսուսին''։


Երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մատնանշեց թէ ''Մենք եւս երբ չենք աղօթեր Յիսուսի երեսին ՝ դուռը կը փակենք։ Չ՛աղօթելը այս կը նշանակէ։Դուռը փակելով Յիսուսին արտօնութիւն չենք տար Անոր մեզի օգնութեան հասնելու։ Դժուար հարցի մը կամ կացութեան մը առջեւ աղօթելը՝, կը նշանակէ դուռը բանալ Յիսուսին` որպէսզի մտնէ ու մեզ առաջնորդէ։Բայց եթէ դուռը չի բանանք, Տէրը ոչ մի բան կարող է ընել - ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով ներկաները մտածելու` ''Մարիամին, որ ցոյց կու տայ, Տիրոջ առջեւ մեր դռները բանալու ուղին։








All the contents on this site are copyrighted ©.