2013-10-08 12:59:53

Յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Վատիկանի մէջ։


''Աւետարանացումի լոյսին տակ, Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները'' ։

Այսօր` 8 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ վերջ կը գտնէ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի քարտուղարութեան 13-րդ խորհրդաժողովի 5-րդ նիստը, որուն` երկուշաբթի օրուայ յետմիջօրէի նիստին, մասնակցեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Վերոյիշեալ խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան, ի մէջ այլոց, անցեալ շաբաթ գումարուած ''Կարտինալական Խորհուրդին'' սիւնհոդոսի հայող ներկայացուցած առաջարկները եւ որոշուեցաւ սիւնհոդոսական յառաջիկայ նիստին նիւթը։

Արդարեւ երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի որոշումով` յայտարարուեցաւ թէ Եպիսկոպոսական Սւնհոդոսի Գ Ընդհանուր Արտակարգ Հաւաքը գումարուած է` Վատիկանի մէջ, յառաջիկայ 5 - 19 հոկտեմբեր 2014, որպէս նիւթ ունենալով ''Աւետարանացումի լոյսին տակ Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.