2013-10-08 08:30:27

Երկխօսութիւն Եւ Համոզմունք Կամ ՝ Ըլլալ Համոզումի Տէր, Բայց եւ Պատրաստ Ըլլալ՝ Մտիկ Ընել Ուրիշին (շարունակութիւն)


Երբ մէկը ձեր կարծիքներուն հանդէպ բացարձակապէս տարբեր՝ հակոտնեայ գաղափարներ կ՚ունենայ, կը տեսնէք որ շատ մը կէտերու մէջ կը մոլորի ՝ հիմնուած սխալ տուեալներու վրայ, կամ իր մտածածները ժամանակավրէպ դարձած են, եւ կամ թէ ինք ճշմարտութիւնները գիտակցաբար կը խեղաթիւրէ։ Այսպէս, երկխօսութեան մերժումը զանազան Եկեղեցիներու մօտ՝ հիմնուած է սխալ, քարացած գաղափարներու վրայ, եւ այն խուլ վախին վրայ որ կայ այդ անհպելի գաղափարները իրենց տեղէն շարժելու վտանգին մէջ։ Մինչդեռ դարերու ընթացքին ՝ դիրքեր եւ կացութիւններ փոխուած են եւ բարելաւուած։ Մենք ալ անհատապէս բարելաւումներու կ՚ենթարկուինք տարիներու ընթացքին։
Իսկական առողջ համոզում մը պէտք է իվիճակի ըլլայ ուրիշ համոզումներու հետ չափուելու , իյայտ բերելու համար իր իրաւ ուժականութիւնը, խորունկ եւ պտղաբեր կենսալիր տեւականութիւնը։
Ճշմարտութիւն եւ Սէր
Քրիստոնեայի մը համար ուրիշ աւելի զօրաւոր պատճառաբանութիւն մը կայ քան պարզ մտաւոր հասկացողութիւնը։ Ասիկա ՝ ապրելու այն ձեւն է, որ Յիսուս սորվեցուց մեզի։ Ինչպէս գիտենք, քրիստոնէական կեանքի հիմքը եղբայրսիրութիւնն է, որ իր լիութիւնը կը գտնէ թշնամին ալ սիրելուն մէջ։ Եւ այս թշնամի ըսուածը՝ անձ մըն է որ առնուազն ուրիշ համոզմունք ունի …
Եւ առաջին քայլը այս սիրոյ ճամբուն վրայ ՝ խտացած է հետեւեալ սկզբունքին մէջ. Այն ինչ որ կ՚ուզես որ ուրիշը ընէ քեզի, դուն ալ ըրէ ուրիշին (հմմտ. Մատթ. Է, 12)։ Երեւակայեցէք մէկը որ խորարմատ համոզումներ ունի որոնք հակառակ են ձեր համոզումներուն. կը խօսի ճոխութեամբ եւ պարտադրող կերպով, եւ մտիկ չ՚ըներ այն ամէն բանի որ իրեն կը հակառակի։ Իր նպատակը ձեր ալ կարծիքը իմանալ չէ, այլ կ՚ուզէ ձեզի իր ճշմարտութիւնը հաղորդել, նոյնիսկ պարտադրել։Իսկ ի՞նչ է ձեր հակազդեցութիւնը։ Փոխանակ հանդարտօրէն մտիկ ընելու իր բացատրութիւնները, դուք աւելի՝ յարձակողականի մը ենթարկուածի տպաւորութիւնը կ՚ունենաք։
Նուազագոյնը սիրոյ մէջ ՝ յարգանքն է ուրիշի հանդէպ։ Այս ուրիշը կրնայ այնպէս համոզումներու տէր ըլլալ ինչպէս դուք, եւ այդ համոզումները իրեն ալ կեանքին խարիսխն են այնպէս ինչպէս ձերինները։ Ուստի, արժան չէ՞ որ յարգենք իր ալ համոզումները։ Այդ չի նշանակեր որ անպայման համաձայնինք իրեն, բայց գոնէ կրանք մտիկ ընել իրեն, ինչպէս որ պիտի փափաքէինք որ ինք ալ մտիկ ընէր մեզի։ Այս կէտին մէջ այնքան զգայուն ենք երբ խնդիրը մեզի կը հայի, եւ անտարբեր ՝ երբ պարագան ուրիշինն է։
Երկխօսութիւնը ուրեմն, այսինքն ՝ ճանչնալ եւ ընդունիլ ուրիշը այնպէս ինչպէս որ է, քանի մը հոգիի վերապահուած վարուելակերպ մը չէ, այլ գործադրումն է այն Սիրոյն, որ Աստուած պատուիրած է մեզի ունենալ նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հանդէպ։







All the contents on this site are copyrighted ©.