2013-10-07 13:20:39

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան 13-րդ Խորհրդաժողովի 5-րդ Նիստը։


7-8 հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ գումարուած է Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի քարտուղարութեան 13-րդ Խորհրդաժողովի 5-րդ նիստը, Սիւնհոդոսի, նոր նշանակուած, ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Լորենցօ Պալտիսէրիի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ Սիւնհոդոսի նախկին քարտուղար` գերապայծառ Նիքոլա Էդէրովիչի։
Վերոյիշեալ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ ի մէջ այլոց, անցեալ շաբաթ գումարուած ''Կարտինալական Խորհուրդի'' սիւնհոդոսի հայող ներկայացուցած առաջարկները եւ պիտի որոշէ սիւնհոդոսական յառաջիկայ նիստերուն նիւթերը։ Յայտնենք որ նախորդ նիստը գումարուած էր անցեալ յունիսին։










All the contents on this site are copyrighted ©.