2013-10-05 10:29:24

ֆրանսայի Քրիստոնեաներու Եւ Մահմետականներու Զօրաշարժը Սուրիոյ Ժողովուրդին Ի Նպաստ։


Սուրիոյ խառնաշփոթութեան ի տես, ուր աւերն ու անմարդկութիւնը կը հարուածեն բոլոր սուրիացինեները, թէ մահմետական թէ քրիստոնեայ, ֆրանսայի մարդասիրական 11 կազմակերպութիւններ կոչ ուղղած են սուրիացի ժողովուրդին ի նպաստ։
Քրիստոնեայ եւ մահմետական 11 պատուիրակներ կը պատրաստուին 7 - 11 հոկտեմբեր այցելել Լիբանանն ու Յորդանանը հոն տանելու զօրակցութեան եւ յոյսի պատգամ մը։ Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ պիտի ունենան սուրիացի փախստական ընտանիքներուն հետ ինչպէս նաեւ տեղական քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններու հետ, որոնք ամէն օր կը հիւրընակալեն սուրիացի փախստականները։








All the contents on this site are copyrighted ©.