2013-10-05 12:09:57

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պաշտօնական Առաջին Մետալի Ներկայացումը Քահանայապետութեան Առաջին Տարեդարձին Առթիւ։


Վատիկանի թղթատարութեան գրասենեակը կը յայտնէ որ երեքշաբթի 8 հոկտեմբերին վաճառքի կը դրուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաջին տարուայ քահանայապետութեան պաշտօնական մետալը` ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ տարբերակներով։ Մետալը պատրատուած գեղարուեստուհի Մարիանճելա Քրիշոդիի կողմէ ու տպուած Իտալիոյ մետաղադրամի կեդրոնին մէջ։
Մետալին մէկ երեսին վրայ արձանագրուած է ''Վատիկան Պետութիւնը'' եւ առաւել մետալին թիւը, երկրորդ երեսին վրայ` արձանագրուած է Մատթէոսի կոչումը ''Յիսուս տեսաւ մաքսաւոր մը,... ու անոր ըսաւ ''հետեւէ ինծի'' ։Աւետարանի այս խօսքը մեծապէս ազդած էր երիտասարդ Եորկէ Մարիա Պերկոլիօյի վրայ, երբ 17 տարեկանին ս. Մատթէոսի տօնին օրը փորձարկեց Աստուծոյ սիրալիր կոչումը ուԱնոր ներկայութիւնը իր կեանքէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.