2013-10-05 11:54:30

''Ռոլանտօ Ռիվի'' Երանելի։


Շաբաթ 5 հոկտեմբեր յետմիջօրէին, Իտալիոյ Մոտէնա Քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ եւ երանացման արարողութիւն որուն ընթացքին Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն` նախագահը սուրբերու դատի ժողովին Աստուծոյ ծառայ Ռոլանտօ Ռիվին երանելի կը հռչակէ ։

Ռոլանտօ Ռիվի ծնած էր 7 մայիս 1931-ին, Իտալիոյ Ռեճիօ Էմիլիա նահանգի Սան Վալէնդինօ կոչուած գիւղին մէջ, Քրիստոնեայ աղքատ ընտանիքէ մը։

Ռոլանտօ Ռիվի, խելացի , ուշիմ մանչ մըն էր, մանուկ հասակին կոչումի ձայնին հետեւելով, 1942 թուականին, մինչ Իտալիան պատերազմի մէջ կը գտնուէր, 11 տարեկանին կը մտնէ Մարօլա կոչուած նորընծայարանը եւ հոն կղերական սեւ զգեստը կը կրէ ու զայն կը պահէ ցմահ։

Ռոլանտօ Ռիվիի քահանայ ըլլալու փափաքը՝ հետզհետէ կ՛աճի ականատես ըլլալով եւ բարի օրինակ առնելով իր ժողովրդապետ` Հայր Օլինտօ Մարծոքքինիի՝ հոգեւոր կեանքէն եւ անոր հաւատքի վկայութենէն։

1944-ի ամառը, երբ Գերմանացի զինուորները կը գրաւեն Մարոլա նորընծայարանը, Ռոլանտօ Ռիվի կը ստիպուի տուն վերադառնալ եւ հոն ժողովրդապետին առաջնորդութեամբ կը շարունակէ իր ուսումը իբր նորընծայ ։Կ՛ապրի տիպար նորընծայի կեանք մը, վկայելով քրիստոնէական իր զօրաւոր հաւատքը։

Ռոլանտօ Ռիվիի, Յիսուսի հանդէպ սիրոյ մեծ վկայութիւնը, գիւղին երիտասարդներուն համար կը հանդիսանայ բարի օրինակ եւ կը մղէ զանոնք իրենց կարգին ապրիլ քրիստոնէական տիպար կեանք մը հետեւելով Քրիստոսի ճանապարհին։

10 ապրիլ 1945 թուականին, մինչ շրջանին մէջ կը տիրէր հակակրօնական մթնոլորտ մը, անհաւատ զինուորները կը ձեռբակալեն Ռիվին ու զինք կը մղեն ամայի անտառ մը ուր կը սպառնան սպաննել զինք։ Ռոլանտօ Ռիվի զինուորներէն կը խնդրէ նախքան իր նահատակութիւնը աղօթք մը կատարել իր մօր եւ հօր դիտաւորութեան, ապա փամփուշտով մը կը գնդակահարուի։Նոյնիսկ կեանքին վերջին պահուն, Ռոլանտօ Ռիվի շարունակեց վկայել իր հաւատքը եւ Յիսուսին հանդէպ իր բարեկամութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.