2013-10-05 12:02:52

Երկնքի Արքայութի՞ւնը Թէ Հարստութիւնը


Յիսուս աղքատ: Աղքատը անհունօրէն եւ անաչառօրէն: Աղքատ բացարձակ աղքատութեամբ մը: Աղքատութեան իշխանը, տէրը կատարեալ թշուառութեան: Աղքատը` որ աղքատներուն հետ կը կենայ, որ աղքատներուն համար եղած է, որ կը խօսի աղքատներուն, որ կու տայ աղքատներուն, որ կ՛աշխատի աղքատներուն համար: Աղքատ` աղքատներուն մէջ, թշուառ` թշուառներուն մէջ, մուրացիկ` մուրացիկներուն: Աղքատը մեծ եւ յաւիտենական աղքատութեան: Աղքատը երջանիկ եւ հարուստ, որ կ՛ընդունի աղքատութիւնը, որ կ՛ուզէ աղքատութիւնը, որ կ՛ամուսնանայ աղքատութեան հետ, որ կ՛երգէ աղքատութիւնը: Մուրացիկը որ ողորմութիւն կ՛ընէ, մերկը որ մերկերը կը ծածկէ, անօթին որ ուտելիք կու տայ:
Կան աղքատներ որ աղքատ են, որովհետեւ երբեք կարող չեղան շահելու: Կան ուրիշ աղքատներ որ աղքատ են, որովհետեւ կը բաժնեն ամէն իրիկուն ինչ որ շահած են առաւօտը: Եւ որքան աւելի կու տան այնքան աւելի կ՛ունենան: Իրենց հարստութիւնը միշտ աւելի կ՛աճի այնչափով որչափով կը բաշխեն: Կոյտ մըն է որմէ որչափ աւելի վերցնես` այնչափ աւելի խոշոր կը դառնայ:
Ի՞նչ օգուտ է մարդուն շահիլ ամբողջ աշխարհը եթէ յետոյ պիտի կորսնցնէ իր կեանքը: Քրիստոսի այս հարցումը` միամիտ ինչպէս բոլոր յայտնութիւնները, մարգարէական սպառնալիքին իմաստը կու տայ ճիշդ: Հարուստը չի կորսնցներ միայն յաւիտենականութիւնը, այլ կը կորսնցնէ` հարստութենէն դէպի յատակը քաշուած` երջանկութիւնն երկրաւոր այս կեանքին:
«Կարելի չէ ծառայել Աստուծոյ եւ Մամոնայի»: Հոգին եւ ոսկին երկու տէրեր են որ չեն հանդուրժեր բաշխումի եւ հասարակուեանխ Նախանձոտ են, կ՛ուզեն ամբողջ մարդը: Եւ եթէ մարդը ուզէ` երկուքի չի բաժնուիր: Ամբողջ այս կողմը կամ ամբողջ այն կողմը. Ոսկին Հոգիին ծառայողին համար ոչինչ մըն է. Հոգին` ոսկիին ծառայողին համար բառ մըն է որ իմաստ չունի: Ով որ Հոգին կ՛ընտրէ` կը նետէ ոսկին եւ բոլոր բաները, զորս ոսկիով կի գնուին: Ով որ որ ոսկիին կը բաղձայ` կը ջնջէ հոգին եւ կը հրաժարի հոգւոյն բոլոր բարիքներէն. խաղաղութիւն, սրբութիւն, սէր, կատարեալ ցնծութիւն: Առաջինը աղքատ մըն է որ չի կրնար երբեք սպառել անհուն հարստութիւնը. միւսը հարուստ մըն մըն է որ չի յաջողիր երբեք պրծիլ իր անհուն թշուառութեան ճիրաններէն: Աղքատը ունի` հրաժարումի խորհրդաւոր օրէնքովը նաեւ այն` որ իրը չէ, այսինքն ամբողջ տիեզերքը. հարուստը չունի` յաւերժական ցանկութեան դժնդակ օրէնքովը` եւ ոչ իսկ այն քիչը որ իրը կը կարծէ` Աստուած կու տայ անչափօրէն աւելի այն շուտէն զոր խոստացած է. մամոնան կը խլէ նաեւ այն ամենաքիչը զոր կը խոստանայ: Ով որ կը հրաժարի ամէն բանէ` ամէն բան առաւելաբար ունի. ով որ կ՛ուզէ մաս մը իրեն համար միայն` հուսկ ոչինչին հետ կը մնայ:
Երբ մարդ կը խորասուզուի հարստութեան սոսկալի գաղտնիքին մէջ, կը հասկնայ թէ ինչու մարդուն դաստիարակները տեսած են անոր մէջ Դեւին յատուկ թագաւորութիւնը: Բան մը որ ուրիշ ամէն բանէ աւելի նուազ կ՛արժէ, կը վճարուի միւս ամէն բաներէ աւելի, կը գտնուի միւս ամէն բաներով: Բան մը որ ոչինչ է, որուն իրական արժէքը ոչինչ է, կը ստացուի բոլոր մնացածով, տալով ի փոխարէն ամբողջ հոգին, ամբողջ կեանքը:
Եզրափակենք ըսելով թէ Երկնքի Արքայութիւնը չի խոստանար աղքատներուն զիրենք հարուստ ընել, այլ կ՛ուզէ որ հարուստները հոն մտնելու համար` ըլլան ազատօրէն աղքատ:







All the contents on this site are copyrighted ©.