2013-10-04 10:27:05

Ֆրնաչիսկոս Պապի Հանդիպումը Ասսիզիի Թեմի Աղքատներուն Հետ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ասսիզի կատարած միօրեայ ուխտագնացութեան երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թեմի առաջնորդարանին ''մերկացումի'' սրահին մէջ, այն վայրը ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոս հրաժարած էր իր հարստութիւններէն։ Նորին Սրբութիւնը թեմի աղքատներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին յիշեց թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս ճիշդ այդ վայրին մէջ ''մերկացած'' եւ հրաժարած էր աշխարհի հարստութիւններէն, հետեւելու համար մեր Տիրոջ Յիսուսին։ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի այս ''մերկացումը'' մեզի կը սորվեցնէ թէ Յիսուսի հետեւիլ կը նշանակէ զայն դնել մեր կեանքի առաջին տեղը, հրաժարիլ այն ինչքերէն որ մեր սրտերը կը լռեցնեն, առնել մեր խաչը ու հետեւիլ Յիսուսի ։ Ամէնքս կանչուած ենք աղքատներ ըլլալու եւ ասոր համար պէտք է սորվինք աղքատներուն հետ ապրիլ ու անոնց հետ կիսել մեր ունեցածը։ Քրիստոնեան այն անձն է որ կ՛ընդառաջէ աղքատին, կը նայի անոր աչքերուն մէջ եւ կը գուրգուրայ անոր։ Ես հոս չեմ գտնուիր ''արտակարգ'' լուր մը հաղորդելու համար այլ պարզապէս ցույց տալու թէ Ֆրանչիսկոսի որդեգրած ճանապարհը Քրիստոնէական ճանապարհն է։
Սրբազան Քահանայապետը, միշտ անպատարսատից իր խօսքին մէջ, վերյիշեց ապա Լամբետուզայի գաղթականներուն ողբերգութիւնը ու խնդրեց աղօթել զոհերուն դիտաւորութեան։
Ան ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով ''այս վայրին մէջ կը փափաքիմ աղօթել որպէսզի ամէն քրիստոնեայ, Եկեղեցին, ամէն բարի կամք ունեցող այս ու կին, գիտնայ ''մերկանալ'' ոչ էական բաներէ եւ ընդառաջէ աղքատին որ սիրոյ կարօտ է։
Աղքատներուն հետ հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի անուան պազիլիքայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.