2013-10-04 09:21:01

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ասիզիի Հովուական Այցելութեան Վայրերը


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 4 հոկտեմբերին, Ասիզի կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին պիտի այցելէ հետեւեալ սուրբ վայրերը.

''Սանդա Մարիա Մաճօրէ'' որ է Ասիզի թեմին աթոռանիստ եկեղեցին։ Սուրբ ֆրանչիսկոս վերոյիշեալ եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած է ստանալով Յովհաննէս անունը։

''Սան Տամիանօ Եկեղեցին'' որ կը գտնուի Ասիզիի քաղաքը շրջապատող պարիսպներէն դուրս ։ Այս եկեղեցւոյ մէջ է որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս աղօթքի պահուն ձայն մը լսեց որ իրմէ խնդրեց ''վերանորոգել Տունը''։ Սուրբ ֆրանչիսկոս քաջալերուած այս հրաւէրէն սկիզբ տուաւ իր առաքելութեան՝ ի Փառս Աստուծոյ։


''Վէսկովատօ - այսինքն Եպիսկոպոսական'' կոչուած հրապարկին վրայ է որ, Կուիտօ Ա. Եպիսկոպոսին ներկայութեամբ, Սուրբ ֆրանչիսկոս մերժեց հայրական ժառանգութիւնը։


Րիվոդորդոյ շրջանին մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոս ապրեցաւ երկու տարի, հաւատարիմ մնալով Յիսուսի՝ մինչեւ այն օրը երբ իրեն միացան Ասիզի քաղաղքէն երկու բնակիչներ։ Այդ վայրին մէջ գտնուող լքուած ախոր մը հանդիսացաւ անոնց առաջին բնակավայրը ՝ որմէ սակայն կարճ ժամանակէ մը վերջ ստիպուած եղան հեռանալ, ախորին տիրոջ կողմէ վտարուելով։

Սանդա Մարիա Տէյլի Անճէլի Եկեղեցին ։Սուրբ Ֆրանչիսկոս յատուկօրէն սիրած է այս եկեղեցին ուր հաստատած է իր բնակավայրը հոգ տանելով աղքատներուն։ Հոն է որ իրեն կը միանան շարք մը անձեր եւ սկիզբ կ՛առնէ Ֆրանչիսկեան առաջին միաբանութիւնը։

Սան Րուֆինօ Հրապարակը։ Այս հրապարակի վրայ է որ 1221 թուականին, ծանր հիւանդութենէ ետք, Սուրբ Ֆրանչիսկոս իր շուրջը կը հաւաքէ բոլոր քաղաքացիները եւ անոնց պատգամ մը կ՝ուղղէ։ Պատգամի աւարտին, Ան կը մտնէ եկեղեցի եւ կը մերկանայ ու ապա վիզին շուրջ պարան մը կը կապէ եւ կը խնդրէ ժողովուրդէն զինքը դուրս հանել ուր կը խոտովանի թէ քառասնորդած շրջանին, բուժուելու համար, ''միս'' կերած էր։ Ներկաները հասկցան ասոր ուսուցումը եւ կարիքը զգացին ապաշխարհելու։ Այս դէպքէն քիչ տարիներ ետք Սուրբ ֆրանչիսկոս հոգին կ՝աւանդէ։

Երբ Ան հասկցաւ թէ ժամը մօտեցած է եղբայրակիցներէն խնդրեց որ զինք փոխադրեն ''Բորցիունքոլայ'' որ Ֆրանչիսկոս վերանորոգած առաջին մատուռը եղած է։ Հոն է որ Սուրբը կնքեց իր մահկանացուն։ Սուրբ ֆրանչիսկոսի մարիմինը այսօր կը գտնուի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Մայր Տաճարին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.