2013-10-04 12:36:12

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ''Սուրբ Ֆրանչիսկոսի'' Անուան Պազիլիքայի Մէջ։


Ուրբաթ 4 հոկտեմբերին, Ասսիզի կատարած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10-ին, փոխադրուեցաւ ''ս. ֆրանչիսկոսի'' նուիրուած ''վերին տաճար'' ուր զինք դիմաւորեցին Ֆրանչիսկեան միաբանութեան Աբբահայրը եւ վանքին պահակ եղբայրը։
Նորին Սրբութիւնը պահ մը ամփոփուելէ ետք տաճարին գետնայարկը գտնուող ` սուրբ ֆրանչիսկոսի դամբանին առջեւ, ժամը 11-ին տաճարին հրապարակի տարածքին` նախագահեց բացօթեայ սուրբ պատարագը որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին սկիզբը Մատթէոս աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ խօսքը արտասանեց. ''Կը գովաբանեմ քեզ Հայր, Տէր երկինքի եւ երկրի, որ ասիկա ծածկեցիր իմաստուններէն ու բանգէտներէն եւ յայտնեցիր մանուկներուն։'' (Մատթ 11,25)։ Ան ապա օգտագործելով Ֆրանչիսկեան ողջոյնի խօսքը ըսաւ` ''Խաղաղութիւն եւ բարիութիւն'' ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն որ համախմբուած են ''այս պատմութեամբ ու հաւատքով լի՝ հրապարակի վրայ, միասին աղօթելու''։

Այսօր ես եւս, - շարունակեց Սրբազան Հայրը - շատ մը ուխտաւորներու նման, ուխտագնացութեամբ եկած եմ գովաբանութիւն մատուցելու Հօր, այն ամէն բարիքներուն որ յայտնեց մանուկներուն որոնց մասին կը խօսի Աւետարանը։
Սուրբ ֆրանչիսկոս հարուստ ընտանիքի մը զաւակ էր, Յիսուսի հանդիպելէն ետք, հրաժարեցաւ հարուստ եւ անհոգ կեանքէ մը, կրելու համար ''Աղքատութեան Տիրամօր'' պսակը եւ ապրելու որպէս ` երկինքի մէջ գտնուող Հօր ճշմարիտ զաւակ։ Ֆրանչիսկոսի ամբողջ կեանքի ընթացքին ''աղքատներու հանդէպ սէրը եւ աղքատ Քրիստոսի նմանութիւնը'' եղան երկու անբաժանելի իրողութիւններ - ըսաւ Քահանայապետը - ու ապա հարց տուաւ ''ի՞նչ կը վկայէ Սուրբ Ֆրանչիկսոս այսօր մեզի'' եւ պատասխանեց`.
''Ֆրանչիսկոսի վկայած առաջին հիմնական ճշմարտութիւնը` կենսունակ յարաբերութիւնն է Յիսուսի անձին հետ, զգենուլ զայն ու նմանիլ Անոր։Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Ֆրանչիսկոսի երկրորդ վկայութեան քաղուած աւետարանի հետեւեալ խօսքէն` ՝՝Ինծի եկէք, դուք ամէնքդ, որ յոգնած կը հեծէք, բեռին ծանրութեան տակ, ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի։ Առէք լուծս ձեր վրայ, սորվեցէք ինձմէ որ սրրով հեզ եմ եւ խոնարհ ու պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն''։ Ով որ կը հետեւի Քրիստոսին, կ՛ընդունի ճշմարիտ խաղաղութիւնը որ միայն Ինք կրնայ շնորհել մեզի եւ ոչ թէ աշխարհը։ Շատերուն համար Սուրբ ֆրանչիսկոսը հոմանիշն է խաղաղութեան։ Ֆրանչիսկեան խաղաղութիւնը ''համադամ'' զգացում մը չէ։ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի խաղաղութիւնը Քրիստոսի խաղաղութինն է որ կ՛անցնի սիրոյ ամենամեծ արտայայտութենէն որ է Խաչը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա յայնտեց թէ Ֆրանչիսկոս մեզի կը վկայէ ''սիրել արարչագործութիւնը'' որուն կեդրոնը մարդ արարածն է։ Սէրը հանդէպ բոլոր ստեղծագործութեան։ Ֆրանչիսկոս ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան մարդ է։ Այս խաղաղութեան քաղաքէն կոչ կ՛ուղղեմ յարգելու արարչագործութիւնը։ Յարգենք ամէն մէկ անհատ։ Թող դադրին զինեալ բախումները որ աշխարհը կ՛արիւնեն, թող զէնքերը լռեն եւ ամենուրէք ատելութեան տեղ սէր սերմանուի, նախատինքի տեղ ներում, եւ բաժանումներու տեղ միութիւն հաստատուի։ Մտիկ ընենք լացողներու աղաղակին, անոնց որ բռնութիւններու, ահաբեկչութեան եւ պատերազմներու զոհ են, Սուրբ Ֆրանչիսկոսէն սիրուած` Սուրբ Երկրի մէջ, Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի եւ համայն աշխարհի մէջ։
Քեզի կը դիմենք Ֆրանչիսկոս եւ կը խնդրենք որ Աստուծմէ ընդունիս պարգեւը որպէսզի մեր աշխարհը ըլլայ խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան աշխարհ մը։
Սրբազան Հայրը հուսկ քարոզը եզրափակեց կրկնելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աղօթքը ` Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս, ողորմածութեան Հայր, մի նայիր մեր անարժանութեան այլ յիշէ քու անհուն գթութիւնդ որպէսզի այս քաղաքը ըլլայ միշտ վայրը անոնց որոնք քեզ կը ճանչնան ու կը փառափանեն քու օրհնուած Անունդ յաւիտեանս յաւիտենից Ամէն։

Սուրբ զոհի աւարտին տեղի ունեցաւ ''ձիթաիւղի նուիրումի'' ծիսակատարութիւնը որով տարուայ ձիթաիւղը կը նուիրուի ուխտական ջահին որ զետեղուած է Սուրբին գերեզմանին առջեւ։

Վերոյիշալ արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին բարի գալուստի խօսք ուղղեցին Ումպրիա նահանգի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Կուալդիէրօ Պասսէդդի եւ Ումպրիայ Նահանգի նախագահ Տիկ Քադիուշիա Մարինին։








All the contents on this site are copyrighted ©.