2013-10-03 14:03:56

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը ''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' Շրջաբերական Թուղթի 50 Ամեակի Հաւաքի Մասնակիցներուն Հետ ։Ակնարկելով Լամբետուզայի Նաւաբեկութեան Ողբերգութեան ''Նախատինք'' Որակեց Զայն։


Հինգշաբթի 3 հոկտեմբերի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդհատելով ''Կարտինալական Խորհուրդի'' ժողովը, Վատիկանի Գլեմենդինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' շրջաբերական թուղթի 50 ամեակի առթիւ` Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքի 300 մասնակցիներուն ։
Անոնց արտասանած իր Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց Յովհաննէս ԻԳ-ի վերոյիշեալ շրջաբերական թուղթի պատմական ժամանակաշրջանը, ուրախութիւն յայտնելով որ անոր 50 ամեակը կը յիշատակուի ճիշդ Երանելի Յովհաննէս ԻԳ-ի սրբադասումի թուականին հռչակումէն մի քանի օր ետք։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց ''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' շրջաբերական թուղթի այժմէականութեան, անդրադառնալով խաղաղութաեն կերտման հիմքերուն ու հարցադրելով եթէ ներկայ ընկերութիւնը ըմբռնած է ''խաղաղութիւն երկրի վրայ'' շաջաբերականին ուսուցումը եւ եթէ ''արդարութիւն եւ զօրակցութիւն'' բառերը մաս կը կազմեն մեր ժամանակաշրջանի բառամթերքին։
Յովհաննէս ԻԳ-ի շրջաբերականը - ըսաւ Քահանայապետը - մեզի յստակօրէն կը բացայայտէ թէ անկարելի է ներդաշնակութիւն ու խաղաղութիւն ունենալ եթէ ամէնքս չգործենք աւելի արդար ու զօրակից ընկերութեան մը համար եւ եթէ չի յաղթահարենք մեր եսասիրութիւնն ու անհատականութիւնը եւ, բոլոր մակարդակներու վրայ, մեր խմբային շահերը։ Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա մարդու արժանաւորութեան յարգանքին ու անոր զարգացումին ոչ միայն որպէս քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունք, այլ ամէն անհատի համար հնարաւորութիւն ապրուստի հիմնական միջոցները գործածելու, ինչպէս` կերակուրը, ջուրը, բնակարանը, դաստիարակութիւնը, դարմանումը, եւ ընտանիք պահպանելու կարելիութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հաստատեց թէ ''խաղաղութիւն երկրի վրայ'' շաջաբերականը ծգտած է միջացգային բանավէճը կեդրոնացնել` երկխօսութեան, ունկնդրութեան, համբերութեան, ուրիշին յարգանքի եւ անկեղծութեան առաքինութիւններու վրայ եւ այդ ուղղութեամբ շրջաբերականի հիմնական սկզբունքները կարող են դառնալ,, 50 ամեակի առթիւ քումարուած հաւաքի ուղեգիծը, դաստիարակութեան մարտահրաւէրին, հաղորդակցութեան միջոցներու խիղճերու վրայ ազդեցութեան, երկրի հարստութիւնները օգտագործելու իրաւունքին եւ ազգային ու միջազգային ապահովութեան շրջագիծէն ներս։
''Խաղաղութիւն երկրի վրայ'' շաջաբերականը կը ձգտի խաղաղութիւն կառուցել մարդոց սրտերուն մէջ եւ վերատեսել, բոլոր մակարդակներու վրայ, զարգացումի եւ ներգործութեան մեր գործունէութիւնները որպէսզի մեր աշխարհը դառնայ Խաղաղութեան Աշխարհ մը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ու ապա ակնարկեց Լամբետուզայ կղզիի մօտ տեղի ունեցած նաւաբեկութեան ըսելով` ''Խօսելով խաղաղութեան մասին չեմ կրնար ցաւով չյիշել լամբետուզայի մօտ առաւօտեան պատահած նաւաբեկութեան զոհ բազմաթիւ հոգիները։ Միտքս կու գայ ''նախատինք'' բառը։ Նախատինք մընէ մարդու արժանաւորութեան - յարեց Սրբազան Հայրը - ու հրաւիրեց ներկաները աղօթելու բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին` այրեր, կիներ, մանուկներ, եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն։ Միացնենք մեր ուժերը -աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը - որպէսզի այսպիսի ողբերգութիւններ չի կրկնուին։ Ու ապա հաստատեց թէ ''Միայն վճռական համագոծակցութիւնը կրնայ զանոնք կանխել''։
Սրբազան Հայրը հուսկ խօսքը եզրափակեց Խաղաղութեան Թագուհի Սրբուհի Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցելով, որպէսզի - ըսաւ Ան - կարենանք ընդունիլ խաղաղութիւնը որ Յարուցեալ Յիսուսի պարգեւն է եւ յանձնառումով աշխատինք հասարակաց բարիքին ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.