Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտտիի Տեղեկութիւնները ''Կարտինալական Խորհուրդի'' Ժողովի Մասին։
Երեքշաբթի 1 հոկտեմբերի առաւօտեան, սկիզբ առած, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ
ու անոր կամքով ստեղծուած` ''Կարտինալական - ութեակ- Խորհուրդի'' նիստերը վերջ կը գտնեն
այսօր` 3 հոկտեմբերի երեկոյեան։
Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, այսօր
կէսօրին, մամուլին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին տեղեկացուց թէ ժողովի ընթացքին շօշափուած
զանազան նիւթերու շարքին էին ''Քուրիայի վերակազմութիւնը'' եւ “Pastor bonus” - Բարի
Հովիւ - առաքելական սահմանադրութեան ամբողջական վերատեսութիւնը, որ յատկապէս շեշտեցին
''Քուրիայի'' սպասարկութեան բնոյթի մասին Տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ տեղական եկեղեցիներու
ի սպաս։ Այս առընչութեան խօսուեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղարի դերին ու անոր գրասենեակի
պարտականութիւններուն մասին որ պէտք հանդիսանայ ''Քահանայապետի Քարտուղարութեան'' գրասենեակ։
Հայր Լոմպարտին յիշեցուց թէ յառաջիկայ 15 հոկտեմբերին նորանշանակ Պետքարտուղարը` Գերապայծառ
Բարոլինը պաշտօնի գլուխ պիտի անցնի։ Վատիկանի բանբերը հուսկ մատնանշեց թէ շօշափուած նիւթերու
շարքին էր նաեւ Վատիկանի ''վերին իշխանութեան'' պատասխանատուներու համադրութեան հարցը
ու անոնց` Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած յարաբերութիւնը։ Կարտինալական Խորհուրդի
անդամները խորհրդածեցին նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ''աշխարհականներու'' դերին մասին
- յայտնեց Հայր Լոմպարտին ու ակնարկեց թէ ''եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի'' նիւթը եւս պիտի
վերարծարծուի յետմիջօրէի նիստերու ընթացքին։ Ան ապա ներկաներուն տեղեկացուց թէ հաւանական
է որ Կարտինալական Խորհուրդը իր յաջորդ հաւաքը պիտի գումարէ նոր տարուայ սկիզբը։